Եալալի, հա՜յ, ճանիման, ճանիման,
Եալալի, ջուխտ արարին ճանիման։
Եալալի, պատկերըդ այ աննըման,
Եալալի, դէմքիս պայծառ փայլըման։
Եալալի, գըլխիդ գաթաղուտ թէլըն,
Եալալի, դու այս իմ սըրտի մելըն,
Եալալի, զըլքերըդ այ մանուշակ,
Եալալի, դոր անմահական թօշակ։
Եալալի, մանդիլըդ այ հափըրման,
Եալալի, թըշերըդ պայծառ փայլման։
Եալալի, յունքերըդ այ թախ տըված,
Եալալի, սըրտիս մէջըն գաղ տըված։
Եալալի, աչեր ունես ջէրանի,
Եալալի, տեսնողի խելքըն տանի։
Եալալի, երբ որ իշարաթ կ՚անես,
Եալալի, սըրտիս մէջըն կը դաղես։
Եալալի, ուշըս, խելքըս կը տանես,
Եալալի, սաղ-սաղ ինձի կը թաղես։
Եալալի, ապարաթօվ զըրուց տաս,
Եալալի, սիրօվ սըրտիս նըստած ես։
Եալալի, ձերքընիտ մարգիրիտ է,
Եալսւլի, տասչորս տարիտ թամամ է։
Եալալի, ում լայեղ ես՝ ան տանի,
Եալալի, ինչ կ՚ուզենաս՝ ան անի։
Եալալի, մատներըտ լի մատանի,
Եալալի, ի՛նձ լայեխ ես, օ՞վ տանի։
Եալալի, ձեռքըդ ոսկէ ապըրճան,
Եալալի, քու անունըտ՝ Մարեճան։