Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/75

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Ամուսինս լաւ կը շահի. ընդարձակ պարտէզով շրջապատուած գեղեցիկ տուն մը վարձեցինք. նոր բնակարաննիս թէեւ քաղաքին ամենէն հեռու մէկ անկիւնն է, սակայն սքանչելի դիրք մը ունի, առջեւը պարզուած է կանանչ դաշտը եւ անհուն հորիզոնը...:

25 Յունիս

Բաւական կոկիկ եւ ճաշակաւոր ընդունելութեան սենեակ մը զարդարեցի:

— Ի՜նչպէս, թռչունս, գաւառները հաճելի չե՞ն, ըսաւ ամուսինս:

— Ո՜հ, շատ լաւ կը գտնեմ, մանաւանդ այս քաղաքը, պատասխանեցի, եւ եթէ կարելի է, պիտի խնդրեմ որ Պոլիս չդառնանք. հայրս արդէն առանձնացեալ կեանքը կը սիրէ, իսկ տիկին քոյրերդ տեսնելու համար, Պոլիս տարին մէկ երկու անգամ կ՚այցելենք:

— Ես արդէն մեծ քաղաքներու տաղտկալի եւ յուզումնալից կեանքէն ձանձրացած եմ. գաւառակա հանդարտ կեանքը ինձ հաճելի է եւ դուն ո՛ւր որ հանգիստ ընես՝ հոն կը բնակինք, ըսաւ:

— Շնորհակալ եմ, այս քաղաքը շատ սիրեցի. ունեցած գոյքերնիս Պոլսէն հոս փոխադրենք, ըսի:

— Վաղուան սուրհանդակով հայրիկին կը գրեմ, ըսաւ բարի ամուսինս:

Ահա այսպէս որոշեցինք հոս մնալ:

Բանաստեղծական եւ գեղջուկ կեանքը վէպերէն դուրս, հոս միայն կրցի գտնել. ասոր համար շատ ուրախ եմ:

2 Յուլիս

Այսօր ամուսինիս հետ տեղւոյս ազգային վարժարանները այցելեցինք. տարեկան քննութիւնները սկսեր էին: Երկսեռ ուսանողները բաւական քաջ պատասխաններ տուին, բայց դպրոցը բարեկարգութեան պէտք ունի, ծրագիրը ժամանակիս եւ միջավայրին