Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/76

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

պահանջածին համեմատ փոփոխութիւն կրելու է, որպէս զի դպրոցը իսկապէս իր նպատակին ծառայէ:

Հոգաբարձութեան խոստացայ պարապ ժամերուս ծրագիր մը շինել եւ աղջկանց դպրոցին ղէկը ձեռքս առնել: Ամուսինս Առողջաբանութեան, իսկ ես Առտնին Տնտեսութեան, Իրագիտութեան եւ Ձեռագործի դասեր պիտի աւանդենք ձրիաբար:

21 Յուլիս

Աշխատութիւններս պարապ չելան. իգական սեռէ ընկերութիւն մը կազմել յաջողեցայ, որուն նպատակն է իգական սեռի դաստիրակաթուեանը եւ կրթութեանը նիւթապէս ու բարոյապէս նպաստել:

Գաւառացի կիները հանրային ծառայութիւն մատուցանելու թէ՛ կամք եւ թէ յարատեւութիւն ունին. միայն իրենց առաջնորդող մը պէտք է:

Նոր ծրագիրս դպրոցին վերաբացումէն յետոյ պիտի գործադրուի. տարեշրջանին հետ պիտի սկսինք աւանդել նաեւ մեր դասերը:

14 Օգոստոս

Յղութեանս վերջին ամիսներն են, բաւական անհանգիստ եմ. ջիղերս այսօր թեթեւ կերպով գրգռուեցան. երկու ժամ վերջը անհետացաւ:

16 Սեպտեմբեր

Այսօր մէջքս պարբերաբար թեթեւապէս ցաւիլ սկսաւ. ամուսինս տղաբերքի սկզբնական ցաւեր ըլլալը իմացուց:

Ո՛հ, քիչ օրէն զաւկի մա՜յր պիտի ըլլամ. ի՜նչ երջանկութիւն...:

20 Սեպտեմբեր

Այս գիշեր տղաբերքի բուռն ցաւերս սկսան. ի՜նչ անտանելի ցաւ. հիմա որ կը գրեմ՝ քիչ մը դադրած է. դադարման միջոցը երթալով կը կարճնայ եւ ցաւին աստիճանը կը սաստկանայ: