Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/8

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
ԻՄ ՑԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆՍ
Մահուանէս վերջը միայն կարդացուի


Այս մեռելական տողերը կարդալով ակամայ դողացի. սոսկալի սարսուռ մը ելեքտրական ցնցումի նման՝ մարմնոյս մէջ շրջան ըրաւ:

— Անշո՛ւշտ, ըսի մտովի, այս տետրակը իր մէջ պարունակելու է խորհրդաւոր անցեալի մը յիշատակը և թերեւս կնոջ մը խորտակուած սիրտը...

Այս մտածումներուն մէջ էի, երբ յանկարծ սենեակին դուռը բացուելով՝ անծանօթ բարեկամս իր վեց տարեկան սիրուն աղուն ձեոքէն բռնած ներս մտաւ:

Իսկոյն ձեոքս իրեն կառկառեցի, այցելութեանս նպատակը բացատրելով: Ինքզինքս ծանօթացնելու հարկ չէր մնացած, որովհետեւ այցետոմսս սպասուհիին հետ կանխաւ իրեն ղրկեցի:

Իր նկարագրութիւնը աւելորդ կը համարեմ, դէմքին ու հոգիին արտայայտութիւնը ապրած միջավայրին կատարելապէս կը համաձայնի. սակայն չմոռնամ յիշել թէ իր ամրողջ տխրութեանը մէջ գրաւիչ ու համակրելի երեւոյթ մը անուշ սրտագրաւում մը ունէր:

— Շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ ըսաւ նստելով եւ փոքրիկը գիրկը առնելով, արժանիքէս վեր կը գտնեմ ձեր յարգանքներն ու համակրանքը․ բացառիկ շնորհ մը՝ որ ձեր սրտին ազնուութեան ապացոյցն է:

— Շնորհակալութիւն շարժեր. դուք ձեր օգտաւէտ գրչով, սփոփիչ արհեստով եւ տաղանդաւոր մտքով իրաւամբ ամենուն համակրանքն եւ սէրը գրաւած էք.