իր կահ կարասիով մոխիր դարձեր է. հայրս չափազանց ցաւեցաւ, իսկ ես քրոջս առողջանալէն զգացած ուրախութենէս՝ այդ նիւթական կորուստին վրայ ո՛չ կը մտածեմ եւ ոչ ալ կը ցաւիմ:
Այսօր քրոջս հետ մօտաւոր դրացիներու փոխադարձ այցելութեան գացինք. ուրախութիւնս անսահման է:
Այսօր քրոջս եւ մեծ եղբօրս հետ կառքով հեռաւոր բարեկամի մը այցելութեան գացինք: Կ...եան բազմաճիւղ ընտանիքին կը պատկանի. մեծ տղանին Պ. Մ... անցեալ տարի Րօպէրթ Քօլէճէն շրջանաւարտ ելած տաղանդաւոր եւ համակրելի երիտասարդ մըն է. իր ստիպման վրայ քրոջը Օր. Ս...ի հետ դաշնակին վրայ անգլիերէն քաթրըմէն մը երգ զարկինք:
Նաեւ դաշնակի վրայ՝ առանձինն Հօմ սուիթ հօմը երգեցի. Պ. Մ... իր հիացումը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց:
Շատ համակրեցայ իրեն եւ այս տպաւորութեանս տակ տուն մեկնեցանք:
Այս գիշեր Ս...եան ընտանիքը ի պատիւ մեզ երեկոյթ մը տուաւ, որուն ներկայ էին գիւղին բարձր դասին պատկանողներէն շատերը. երկսեռ երիտասարդութիւնը դաշնակի, ջութակի եւ սրինգի ընկերակցութեամբ լաւ նուագախումբ մը կազմեց, որուն ներդաշնակ եւ հոգեյոյզ թրթռումներուն տակ հաճելի գիշեր մը անցուցինք:
Պ. Մ... ալ ներկայ էր. երկու անգամ զիս պատուեց պարի հրաւիրելով. թռչունի մը պէս թեթեւ էր: Իր ընկերութենէն շատ կ՚ախորժիմ, մանաւանդ նրբիմաստ կատակաբանութիւններէն. գրեթէ երեկոյթին հոգին էր: