Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/26

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

օրէնքը վրաս կ՚իշխէ եւ սրտիս ձայնը կը մարէ:

Այսօր ուրախութիւնս մեծ է, իր այցելութիւնը վայելելով զիս սիրելը կռահեցի:

Առջի օրուան երեկոյթին մէջ քոյրս պաղ առնելով այսօր քիչ մը տկար է, բժիշկը կատարեալ հանգիստ պատուիրեց:

26 Փետրուար

Քրոջս հիւանդութեան վրայ անհանգիստ եմ, անպիտան չոր հազը դարձեալ սկսաւ. գիշերները ամբողջ կուրծքը պաղ քրտինք մը կը պատէ։ Վաղը երեք երեւելի բժիշկներ պիտի խորհրդակցին. հայրս այս հիւանդութիւններուն եւ հրդեհներուն պատճառաւ գրեթէ փճացաւ. իր 12 ոսկի ամսականը ներկայ ծախքերուն չի բաւեր:

3 Մարտ

Երեւելի բժիշկներուն խորհդակցութիւններն ալ ապարդիւն մնացին. քրոջս վիճակը միշտ ծանրանալու վրայ է: Պ. Մ...է շնորհակալ եմ, այս նեղ օրերուս մէջ միակ մխիթարիչս եղած է: Խնդրեցի որ յաճախ այցելէ, իրմով շատ երջանիկ պիտի ըլլայի, եթէ քրոջս հիւանդութիւնը չպատահէր, սիրտս կոտրած է։ Թէեւ ինքը համարձակեցաւ վարպետութեամբ մը զիս սիրելը յայտնել, սակայն ես փոխարինելու համարձակութիւնը չունեցայ: Սիրոյ մէջ անկասկած զիս շատ ցուրտ եւ անտարբեր գտաւ, այս անտարբերութիւնը աւելի վշտահար վիճակիս հետեւանքն էր քան թէ սրտիս... եւ արդէն իր մեկնելէն յետոյ ըրածիս վրայ շատ զղջացի:

7 Մարտ

Այսօր կեանքիս էն հաճելի օրն է, սիրտս իրեն բացի, ուրախութենէն պիտի խենթենար:

— Երկու շաբաթէ ի վեր քու վրադ մտածելով կը չարչարուէի, ըսաւ, ձեոքս բռնելով, առանց քեզ