տեսնելու անցուցած վայրկեաններս կեանքիս ամենատաժանելի օրերը կազմեցին. երբ մօտդ ըլլայի՝ անհուն գոհունակութիւն մը կ՚զգայի...,
— Կը ցաւիմ որ երէկ սրտիս նեղութենէն քեզի նկատմամբ անտարբեր գտնուեցայ, պատասխանեցի:
— Պատճաոը աւելի մտքիդ վերագրեցի քան թէ սրտիդ:
— Զղջացի, բայց ուշ էր։
— Սէրդ արդէն նշմարեր էի, բայց երէկ միայն կրցի սիրտս քեզի բանալ, որուն դժբախտաբար չի պատասխանեցիր:
— Շիտակը, նոյն միջոցին քրոջս ծանր վիճակը ուղեղս խանգարած էր. միեւնոյն ցրտութիւնը, առաջին անգամ խնդածաղիկ մը նուիրած միջոցիդ եւս ցոյց տուի եւ անոր վրայ քեզ աւելի ջերմօրէն սիրել սկսայ: Միեւնոյն անկեղծ սէրը այսօր ինձ նուիրելուդ՝ ինքզինքս ամենէն բարեբախտը կը համարիմ:
— Հապա ե՞ս... քեզ նման հրեշտակ մը ունենալուս երջանիկ եմ. եթէ կը հաճիս՝ լուսանկարնիս փոխանակենք. ահաւասիկ իմս ըսելով մինեօն մը ներկայացուց:
— Շնորհակալ եմ. մինեօն լուսանկար չունենալուս՝ շատ կը ցաւիմ, բայց կը խոստանամ հօրմէս գաղտնի հանելով հատ մը նուիրել քեզի:
Լուսանկարը մէտալիօնիս մէջ դնելով իրեն ձեռագործ թաշկինակ մը նուիրեցի:
Մինեօն լուսանկարէս Մ...ի հատ մը նուիրեցի. համբուրելով գրպանատետրին մէջ դրաւ:
— Կեանքիս մինչեւ վերջին վայրկեանը քեզ պաշտելով հետդ ապրիլ կ՚ուխտեմ. մեր տնեցիք ալ կը համակրին քեզ. ամուսնանալով երջանիկ միութիւն մը պիտի կազմենք, ո՜հ, այդ երանելի օրը ե՞րբ պիտի