Պ.Մ ...ի թիֆօ ըլլալը բժիշկները հաստատեր են. շատ կը վախնամ։ Գիշեր ցերեկ մտքէս երբեք չելլեր, զգացած ցաւս ու սրտնեղութիւնս չեմ կրնար նկարագրել. գիշերները գրեթէ միշտ իր վրայ մտածելով անքուն կ՚անցնեմ:
Եղբայրս Պ. Մ...ի վիճակը շատ ծանր նկարագրեց. Աստուած իմ, պիտի խենթենամ. ա՜խ, ո՜ւր էր թէ քովը ըլլայի եւ ձեռքովս խնամէի զինքը: Բժիշկները դուրսէն այցելութիւններն արգիլեր են:
Այս երեկոյ հայրիկս Պ.Մ...ի ապաքինման լուրը բերելով աշխարհ իմս եղաւ. ուրախութենէս պիտի խենթենամ. արդեօք ե՞րբ պիտի տեսնեմ իր բարձր հասակը եւ անուշ աչքերը:
Աստուա՜ծ իմ, Պ. Մ... ո՜րչափ փոխուեր է, նիհարութենէն աչքերը փոսը իջեր եւ խնձորիկները դուրս ցցուեր են: Այսօրուան այցելութենէս շատ գոհ մնաց, իսկ ես բոլորովին յուզեալ տուն դարձայ:
Ջղային տագնապներս բաւական մեղմացան. վաղը անկողինէս պիտի ելլեմ:
Անցեալ տարի Կաղանդին ուրախ էի. նոր Գատըգիւղ եկած էինք. գիւղին օդը ողբացեալ քրոջս օգնելով ապաքինմանը մեծ յոյս ունէի:
Այլ աւա՜ղ, 1876 տարին ինձ համար սուգի եւ արտասուքի տարի մը եղաւ, ինչպէս նաեւ իր նախորդը. իցի՜ւ թէ այս տարին շնորհաւոր ըլլար ու դադրէին արտասուքներս:
Աղջկան մը Յիշատակարանը