Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/44

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

պատուենք ու կը յարգենք վատն ու ազնիւը, խղճամիտն ու անխիղճը, արժանաւորն ու անարժանը, ուղղամիտն ու խաբեբան, բարեսիրտն ու չարասիրտը, տգէտն ու գիտունը, եւայլն. իրենց արժանիքնուն համաձայն չենք վարուիր, յարգելու մարդը կ՚ատենք եւ ատելու մարդը կը սիրենք:

4 Յուլիս

Աշակերտուհիս դաշնակի մէջ շատ յառաջադիմեց. մեր սրտերը խոցող այն դժբախտ օրէն ի վեր ամենաջերմ մտերմութիւն մը հաստատեցինք:

Այսօր մոռցուած հին բարեկամուհիի մը այցելութիւնը վայելեցի. իրեն հետ Հօմ-Սքուլին մէջ դասակից էինք. վեց տարիէն աւելի կայ որ իր վրայ լուր մը առած չէի, յանկարծ երեւան ելաւ:

Բժիշկի մը հետ ամուսնանալով Ամերիկա գացեր է, եւ այժմ Պոլիս մնալու փափաք ունի:

Ամուսինը Տօքթ. Տ...եան խիստ նրբացած եւ զուարճախօս մէկն է. կատարեալ եանքի մը որ բոլորովին կորսնցուցեր է իր գաւառացիի յատկութիւնը:

Բայց քիչ մը պարծենցող երեւցաւ ինձ։

Իրենց այցելութենէն շատ գոհ մնալով լաւ ընդունելութիւն մը ըրի: Երկու փոքրիկ մանչ զաւակները հրեշտակներու կը նմանէին, այնչափ սիրուն, այնչափ քնքշիկ որ համբուրելով չէի կշտանար:

Արդեօք Աստուած ինձ պիտի պարգեւէ՞ ասոնց նման գանձ մը...:

26 Սեպտեմբեր

Հայրս այս գիշեր սեղանին վրայ ամուսնութեան կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը թուելով՝ իր ծերութիւնը, գալիք բնական մահը եւ մեռնելէն վերջը այս փորձանաւոր աշխարհիս մէջ անպաշտպան մնալս ինձ յիշեցուց:

— Աղջի՛կս, ըսաւ հայրս, վերջին պարտականութիւնս