Jump to content

Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/5

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ԱՂՋԿԱՆ ՄԸ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆԸ



Ա.

1887 օգոստոսին, Բժշկական դպրոցին արձակուրդէն օգուտ քաղելով, զբօսական ճամբորդութիւն մը ընելու նպատակաւ, Պոլսոյ մօտակայ քաղաքներէն մէկ քանին այցելեցի:

Այս ճամբորդութիւնը, խանգարուած առողջութիւնս դարմանելու համար կենսական պԷտք մը դարձած էր. տարեկան քննութիւններուս չարաչար աշխատելէ եւ քննութիւններս անցնելէ վերջը, տկարացած մարմինս կազդուրեեւու մեծ պէտք մը ունէի. հոգւով ու մարմնով ուժաթափ եղած էի։

Բժշկական վկայականս ստանալու համար, դպրոցական շրջան մը եւս ունէի, յաջորդ տարին աւելի եռանդով աշխատելու համար․ մարմնական կորովի բացարձակ պէտքը զգալի էր ըստ անուրանալի սա ճշմարտութեան առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ։

Դպրոցին արձակուրդը չորս ամիսէն աւելի պիտի տեւէր. առաջին ամիսը առանց աշխատութեան անցուցի. բայց միայն տէրը գիտէ այս անգործութենէս զգացած տաղտուկս ու ձանձրոյթս: Այս ձանձրալի վիճակիս վերջ մը տալ ուզեցի, քանի որ մտաւոր ու մարմնաւոր յոգնութիւնս՝ բոլորովին լուրջ եւ գիտական աշխատութեամբ զբաղելու չէր ներեր:

Այդ միջոցներուն գրեթԷ նոր սկսեր էի մանր մունր յօդուածներ գրելով, ուսանողական պարապ ժամերս հանրային օգտին ծառայեցնելու: Ուրեմն աշխատութեանս ձեւը փոխելով՝ վիպական գործ մը