Jump to content

Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/6

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

արտադրելը աւելի յարմար սեպեցի, որով արձակուրդիս երկրոդ ամիսը սկսայ գրել Մարիա՞ թէ Հայկանոյշ վէպը։

Կը խորհէի թէ այս աշխատութիւնը առանց ինձ յոգնութիւն պատճաոելու՝ ձանձրոյթս պիտի փարատէր. յուսախաբուեր էի. այս գործին զոհած երկու ամսուան աշխատութիւնս զիս բոլորովին խոնջեցուց:

Արդ, չորրորդ ամսուն, զբօսական պտոյտ մը անհրաժեշտ դարձած էր. վէպիս հրատարակութիւնը Հայրենիքի խմբագիր Մ. Մէլիքեան էֆէնտիի յանձնելով՝ ճամբայ ելայ։

Ճամբուս վրայ Ն... քաղաքը հանդիպեցայ, ուր կ՚ապրէր գրական հրապարակի վրայ երբեմն գիսաւորի մը պէս փայլող Հայ բժիշկ մը: Քանի մը օր այդ քաղաքը մնալու մտադիր էի. ուրեմն հարկը կը պահանջէր որ հրապարակէ քաշուած այդ մենակեաց տաղանդին այցելութիւն մը տայի:

Կիրակի օր մը այցելեցի։

Բնակարանն ալ իր բնաւորութեան պէս մեկուսի եւ աոանձնացեալ դիրք մը ունէր, քաղաքին միւս տուներէն բոլորովին անջատ:

Երբ դռնէն ներս ոտք կոխեցի, Մեծ եւ Փոքր Ասիոյ մենաստաններուն նման տխրազդեցիկ տպաւորութիւն մը կրեցի, որոնց մէջ կը տիրէ միշտ դարերու յաջորդող մելամաղձիկ լռութիւն մը եւ գերեզմանական անշարժութիւն մը. կարծես թէ հոն երբեք կեանքը գոյութիւն ունեցած չէ...:

Դուռը բացող սպասուհին զիս ընդունելութեան սենեակը առաջնորդեց. այս սենեակն ալ բնակարանին արտաքին տեսքին կը համապատասխանէր, եւ իր տխուր երեւոյթովը քիչ մըն ալ զայն կը գերազանցէր:

Սենեակին մէջ հոգածու կանոնաւորութեամբ մը շարուած եւ պատերէն կախուած էին՝ մարդկային