Jump to content

Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/65

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
23 Սեպտեմբեր

Այսպէս պարզ կերպով, առանց շշուկի, առանց ցոյցի եւ առանց աղջիկտեսի տաղտկալի սովորութեան, մեր նշանխօսութիւնը վեջացաւ: Ամերիկեան վէպերու մէջ յիշուած կեանքովս կ՚սկսէր մեր ապագայ երջանկութիւնը, եւ եթէ ինձ մնայ, հարսանիքն ալ նոյն պարզութեամբ կատարել կ՚ուզեմ:

Հին սովորութիւնները եւ ձեւակերպութիւնները ոտնակոխ ընելով, ուղղակի սիրտ սրտի եւ ձեռք ձեռքի տուինք:

Միակ ցաւս իր մեկնիլն է. սիրելի խօսեցեալս մէկ քանի օրէն Գ... քաղաքը պիտի մեկնի, պաշտօնին զլուխն անցնելու համար:

Ո՜հ, հազիւ մէկ քանի օր վայելած, պիտի թողում որ բաժնուի՜... սրտիս շատ դժուար կու գայ աս. եթէ հօրս նիւթական կարողութիւն ունեցած ժամանակ հանդիպէր, հիմա պսակուած եւ միասին Եւրոպա ճամբորդած կ՚ըլլայինք եւ բաժանման այս սրտմաշուքը չէի ունենար:

Է՜հ, այսչափ անյաջողութենէ յետոյ ժամանակ մըն ալ կը համբերեմ. ամէն վարդ իր փուշը ունի:

24 Սեպտեմբեր

Երէկ գիշեր խօսեցեալիս հետ Ս...եան էֆ.ի այցելութեան գացինք. վէրքը բոլորովին անցած է, սակայն առողջական ընդհանուր վիճակը դեռ գոհացուցիչ չէ: Շատ ուրախ օր մը անցուցինք:

Խօսեցեալս այսօր մեկնեցաւ:

29 Սեպտեմբեր

Այսօր խօսեցեալս գալով միասին Բերա շրջագայեցանք:

Երեկոյեան դէմ, լուսանկարչատուն հանդիպելով մեր զոյգ կենդանագիրները ստացանք. շատ գեղեցիկ ելած են, որոնցմէ մէյմէկ օրինակ բարեկամներու պիտի նուիրենք: