իր բաժանումէն զգացած վիշտս նկարագրեցի եւ խնդրեցի որ ամէն շաբաթ ցանկալի եւ սիրալիր գիրը պակաս չընէ։ «Անոնք իմ միակ մխիթարութիւններս պիտի ըլլան, կարօտդ անոնցմէ պիտի առնեմ, անոնցմով պիտի թեթեւցնես բաժանումէդ զգացած տխուր տպաւորութիւներս», գրեցի:
Խօսեցեալիս յաջողութեան լուրերը սիրտս ուրախութեամբ կը զեղուն. ո՜հ, արդեօք երազ մը չէ՞ աս... վերջապէս զինքը գրկիս մէջ պիտի տեսնեմ, ի՜նչ երջանիկ օր...:
Մէկ երկու ամիսէն վերջնականապէս ան իմս պիտի ըլլայ. բաժանումը երկու տարիի կը մօտենայ, համբերութիւնս սպառեցաւ: Այս օրուան նամակը սովորական գիր մը չէր, այլ ուրախութեան աւետիս մը, սիրոյ պատգամ մը որ ինձ ապագայ երջանկութիւնը կ՚աւետէ:
Այսօր գրեցի որ իր գալուստը փութացնէ եւ գիրս սապէս վերջացուցի. «Անկեղծ եւ պաշտելի սէրդ էր որ ցարդ ինձ համբերել տուաւ. սիրտս կը հատնի. օր մը առաջ քեզ գրկիս մէջ տեսնելու անզուսպ փափաքով կը հալիմ ու կը մաշիմ, ա՜խ, պիտի խենթենամ...:»
«Ե՞րր պիտի համբուրեմ աղու եւ մեղանուշ աչքերդ ու մեղրածոր շրթերդ. քեզ տեսած վայրկեանիս՝ անկասկած պիտի նուաղիմ...:»
Աղջկան մը Յիշատակարանը
- ↑ 1878 հոկտ. 26էն մինչեւ 1830 Ապրիլ 1 օրագրութեան մէջ
յիշուելու արժանի բան մը չտեսնելուն զանց կ՚առնեմ: Միայն սաչափը կը յիշեմ որ այդ մէկուկէս տարուանմէջ սիրատար, սրտայոյզ եւ իմաստալից նամակներու փոխանակութիւնը երբեք դադրած չէ. եւ այդ գաղափարներու եւ յուզումներու փոխանակութեամբ երկուստեք իրենց սիրոյն մէջ այնքան յառաջացած են որ զիրար կը պաշտեն:
Ծ. Հ.