Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/69

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

քունս փախցուցի: Խաղաղաւէտ ու բարեբաստիկ ընտանեկան կեանք մր կ՚երեււակայէի, օդային դղեակներ կ՚ստեղծէի...: Ո՜հ ինչ անո՜ւշ, եւ որքան հաճելի գիշեր մը անցուցի, որուն նմանը Հազար եւ մէկ գիշերներուն մէջ իսկ տեսած չեմ...:

Սամաթիտ 27 Մայիս

Այսօր հոգեհատորս դիմաւորելու համար, եղբօրս եւ քոյրերուն ու բարեկամներուն հետ շոգենաւ գացինք:

Երբ մեր նաւակը շոգենաւին մօտեցաւ, սկսայ թաշկինակս շարժել. ինքը թէեւ կամրջակին վրայ էր, սակայն մեզ չկրցաւ տեսնել:

Ծովուն վրայ ահագին իրարանցում մը կար, այնպէս որ ժխորէն իրարու ձայն չէինք լսեր. մարդ ասանկ տեղեր ապուշ կը դառնայ:

Շարունակաբար ճամբորդները շարժուն նեղ սանդուխներէն իջնելով նաւակները կը նետուէին, որոնց մէջ կը գտնուէին շատերուն ծնողքները եւ բարեկամները. սրտայոյզ գրկախառնումներ եւ արտասուալից ողջագուրանքներ իրարու կը յաջորդէին...:

Իսկ ես այս սրտայոյզ տեսարանէն չափազանց զգածուած, արտասուալից աչքերս սրտահատորէս չէի հեռացներ ու թաշկինակս միշտ կը շարժէի։

Վերջապէս մեզ տեսաւ, եւ ժպտելով թաշկինակը շարժեց: Մեր նաւակը շոգենաւին աւելի մօտեցուցինք եւ ինքն ալ ղեկին կողմը գալով լսելի ձայնով մը ըսաւ.

— Ողջո՜յն ձեզ, ո՜վ սրտահատորներս, ողջո՜յն քեզ, ո՜վ ցանկալիդ Բիւզանդիա:

Յետոյ աւելցուց:

— Մի՛ աճապարէք, բազմութիւնը թող անցնի:

Կէս ժամ իրարու երես նայելով սպասեցինք. խօսելու բառ մը չէի գտներ:

Բազմութիւնը նուազելով նաւակնիս սանդուխին մօտեցուցինք. անմիջապէս մէջը ցատկեց. սկսանք