Էջ:Աղջկան Մը Յիշատակարանը (Girl's memories).djvu/77

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Բարեկամուհիներէս շատերը քովս են, միշտ զիս կը քաջալերեն:

Զաւակ մը ունենալու յոյսը իմ ցաւերս կը թեթեւցնեն, միտքս բոլորովին անով զբաղած է. որչա՜փ պիտի գգուեմ զինքը եւ իմ յատուկ ծիծերովս դիեցնեմ... ի՜նչ մեծ հաճոյք...:

21 Սեպտեմբեր

Երէկ գիշեր երկունքս վերջացաւ. սիրուն մանչ զաւակ մը ծնայ:

Հակառակ ամուսինիս արգելքին՝ սոյն երկտողովս սիրասուն զաւկիս ծնունդը կ՚արձանագրեմ... մա՜յր եղայ . . . . . . . . . . . . . . . . . .[1]

ԺԴ.

22 Սեպտեմբեր

Այսօր թէեւ օրագրութիւնը շարունակել ուզեց, բայց խստիւ արգիլեցի, մտաւոր եւ մարմնաւոր կատարեալ հանգիստի պէտք ունէր:

Զաւակը գգուանքներով ու ջերմագին համբոյրներով ծածկեց:

23 Սեպտեմբեր

Երեւակայելի ծննդաբերական բոլոր վտանգներուն դէմ հարկաւոր կանխազգուշութիւնները ձեռք առած ըլլալով հանդերձ, այսօր խել մը վտանգաւոր ախտանիշեր տեսայ, ինչպէս կենդանական ջերմութիւն բարձրացում, փորի սաստիկ ցաւ եւ փսխում. բոլոր այս ախտանիշերը վտանգաւոր հիւանդութեան մը, բէրիթօնիթի գոյութիւնը կ՚ապացուցանէին...:

  1. Մնացած մէկ տողը չէր կարդացուեր, բուն ձեռագիրը հոս կ՚աւարտի: Սեպտ. 21էն վերջը գրուածները, ինչպէս յայտնի է, ամուսինը շարունակած է:
    Ծ. Հ.