Էջ:Անլռելի Պարոյր Սեւակ, Թորոս Թորանեան.djvu/25

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

լռելիօրէն չարձագանգէ Պարոյր Սեւակ ամբողջական հայու կորուստին մասին։

19.– Պէյրութի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթ։ Այդ օրերուն Սփիւռքի մէջ 90 պարբերականներ եւ օրաթերթեր լոյս կը տեսնէին։ Պարոյր Սեւակի մահուան գոյժը լաց բերաւ մեր բոլոր խմբագիրներուն

աչքերէն, անոնք ըլլային աջակողմեան, թէ ձախակողմեան, բողոքական, 

թէ կաթոլիկ, լուսաւորչական, թէ այլ հաւատքի մը խնկարկու։ Պարոյրը ամբողջ Ազգին կը պատկանէր, ինչպէս Ս. Մեսրոպը, ինչպես

Կոմիտասը, ինչպէս Զօրավար Անդրանիկը։ Ահա թէ ինչու ամբողջ

սփիւռքահայ մամուլը ողբաց, բայց եւ փառաբանեց մեծ բանաստեղծը։ Ամէն թերթ խմբագրական նուիրեց ու Սեւակին նուիրուած յօդուածներու անվերջանալի շարքեր։ Միաժամանակ պէտք է սակայն հաստատենք, որ այս հետաքրքրութիւնը միայն յետ մահու պոռթկում մը չէր, ինչպէս մի քանիներ ըսին։ Բացէք սփիւռքահայ մամուլին էջերը ու հոն պիտի գտնեք բանաստեղծին ողջութեան իսկ ժամանակ, իր գրաւած էջերը մեր մամուլին մէջ՝ բազմաթիւ ու բազմազան։ Պարոյրը սփիւռքի բեմերը գրաւած էր նաեւ իր երգի վերածուած բանաստեղծութիւնեերով, մանաւանդ Էրեբունի-Երեւանով։ Հայկականութեան շիճուկն էր Պարոյրը նուազող սփիւռքահայութեան համար, ցեղին ձայնն էր ու այդպէս ալ պիտի մնայ։

ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթը եղաւ այն օրկաններէն մին, որ լայն տեղ յատկացուց բանաստեղծին թէ անոր կենդանութեան, թէ մահուան օրերուն։ Շաբաթ, 19 Յունիս 1971-ին, օրաթերթին առաջին էջին վրայ կը տեսնենք Պարոյրին սեւով շրջանակուած լուսանակարը եւ թերթին անունէն յղուած հեռագիր մը ուղղուած Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ՝ էտուարտ Թոփչեանին. - Սահմռկած եւ խորապէս զգացուած ենք, իմանալով անդարմանելի կորուստը սիրեցեալ տաղանդաշատ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի եւ իր տիկնոջ։ Կը խնդրենք, որ բարի ըլլաք յայտնել մեր խորազգաց վըշտակցութիւնները աղէտեալներու հարազատներուն եւ Գրողներու Միութեան անդամներուն։ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի կողմէ՝ Գերսամ Ահարոնեան, Բարունակ Թովմաս– մասեան, Պէյրութ, 18 Յունիս, 1971

Այլ հեռագիր մը Թէքէեան Մշակութային Միութեսւն կողմէ, օրա–

23