4.-Ծովու, բաղնիքներու, ջրհորներու մաքրութեան և հրդեհներու յառաջացման դէմ հոգածութիւն ունենալ:
5.-Հասարակաց պարտէզներ տնկել, աղքատներու, պանդուխտներու յատուկ բացուած հաստատութիւններու մաքրութեանը հսկել:
6.-Առողջապահութեան վնասակար ուտելեղէններու, ընդհանրապէս քաղաքի մաքրութիւնն ու առողջապահութիւնը վնասող դէպքերու և հրդէհ առաջացնող շարժումներու առաջքն առնել:
7.-Առանց արտօնագրի եղած շէնքերու և խանութներու շինութեանց հսկել և զանոնք կարելի եղածին չափ ներկայ սիստեմով ու ճաշակով կառուցանելուն հոգ տանել:
Քաղաքապետարանի կազմակերպութիւն
1.-Քաղաքապետութիւնը, քաղաքապետի նախագահութեան ներքև ունի վարչական մարմին մը, գանձապահ մը, քարտուղար մը, երկրաչափ մը իւր օգնականով միասին: Առողջապահական մարմին մը ու առողջապահական քննիչ մը, նաև քաղաքապետական և առողջապահական ոստիկաններ - հինգ գործակատարներ և գանձիչ մը:
2.- Քաղաքապետական և առողջապահական ոստիկաններու գործերը ըստ օրենի ոստիկանութեան միջոցով կը կատարուին և կը գործադրուին:
3.- Քաղաքապետարանի վարչութեան անդամները կալուածատէր ժողովրդին քուէներով կընտրուին:
4.- Քաղաքի մեծութեան համեմատ վարչութեան անդամներու թիւը կրնայ ըլլալ 6-12:
5.-Ներկայ քաղաքապետական վարչութիւնը Վանայ նահանգապետին կողմէ ընդունուած է, օր վեց անձերէ կը բաղկանայ:
6.-Քաղաքապետարանի վարչութեան գործունէութեան պայմանաժամը ըստ օրէնի չորս տարի է:
7.-Վարչութեան անդամներու մէջ քաղաքապետարանին յատուկ գործերը վարելու և կառավարելու համար կարող է ձեռներէց մէկ մը գտնուած պարագային, նահանգապետը իւր կողմէ կարող և օրէնսգէտ անձնաւորութիւն մը քաղաքապետ կը կարգէ, ամսաթոշակը քաղաքապետարանի հասոյթներէն որոշելու պայմանով:
8.- Երկու տարին անգամ վարչութեան անդամներուն կէսը կը փո-խուի: Քուէարկութեամբ նորը կընտրուէ և այսպէս յաջորդաբար:
9.-Քաղաքապետարանի երկրաչափն ու անասնաբուժը կրնան իբրև խորհրդական մասնակցել վարչական ժողովներուն:
10.-Վարչական ժողովը ընդհանրապէս շաբաթը երկու անգամ գումարուելու է, բայց երբ նախագահը պէտք տեսաւ, կրնայ մարմինը ժողովի հրաւիրել առ հարկին: Նախագահի բացակայութեան ժամանակ մարմնի անդամներէն ամէնէն տարեցը կրնայ վարել ժողովը։