Jump to content

Էջ:Արամ Մանուկյան․ Փաստաթղթերի և նյութերի ժողովածու.djvu/152

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

11.- Մարմնի անդամներէն կէսէն մէկը աւելի ներկայ չգտնուած պարագային ժողովը չգումարուէր:

12. - Եթէ երկու անգամուայ հրաւէրով բացակայ անդամները չփութան ներկայ գտնուել, երրորդ անգամ անոնց բացակայութիւնը ի նկատի չառնելով, ժողովը կրնայ գումարուել ներկայ եղած անդամներով և իր օրինական որոշումը տալ:

13. - Որոշումները մեծամասնութեան քուէով կանցնին, բայց եթէ առաջարկի մը մասին ժողովին անդամները երկու հաւասար կողմերու բաժնուին, այն ատեն նախագահը իր ձայն ու քուէն որ կողմին որ տայ, այն կը վճռուի իբրև որոշում: Առանց բանաւոր պատճառի անդամներէն որևէ մէկը եթէ 3 անգամ բացակայէ ժողովներէն, հրաժարուած կը նկատուի ժողովի կողմանէ: Մեռած ու հրաժարած անդամներու փոխարէն մինչև նոր ընտրութիւնը, նոր անդամներ կարգելու համար քուէարկութեան պարագային Բ. կարգի ընտրուածներէն ամենէն շատ քուէ ստացողները իբրև վարչութեան անդամ կը հրաւիրուին:

Վարչութեան իրաւասութիւն

1. - Քաղաքապետական վարչութիւնը քաղաքին պատկանող գործերը խորհրդակցաբար կը գործադրէ:

2. - Վարչական ժողովը խորհրդակցութեան կառնէ քաղաքապետարանի սովորական և արտաքոյ կարգի հաշուի կշիռը, տարեկան հաշիւը և արձանագրութիւնները: Ընդհ. պիւտճէին մէջ եղած գումարներու ծախսումին համար կարգադրութիւններ կընէ: Քաղաքապետական կալուածներու վարձու տրուելուն կամ ծախսուելուն կը հսկէ, մէկ տարուայ շինելիք շինութիւնները տեղին վրայ բաժնելու, անջատելու, աճուրդի և պակաս աճուրդի գործողութիւններ կընէ: Պաշտօնատան անուան համար ըլլալիք պայմանագրութիւնները կը հաստատէ: Նախագահին կողմէ առաջարկուած պաշտօնեաները ընտրելու և հրաժարեցնելու գործողութիւնները կընդունէ կամ կը մերժէ: Գանձատան ամսագլխի հաշիւներն ու գործառնութիւններն կը քննէ ու կը զննէ: Երկրաչափական գործառնութիւններուն վրայ կը հսկէ: Տուգանքներու պատիժն հաշտ․ ատեանին յանձնել: Քաղաքապետական վարչութիւնը իր բոլոր գործառնութիւններուն պատասխանատու է:

Քաղաքապետին իրաւասութիւնը

1. - Քաղաքապետը վարչական ժողովին խորհրդակցութեանը պատասխանատու է:

2. - Անոր պարտականութիւնն ու իրաւասութիւնն է վարչութեան սովորական և արտաքոյ կարգի ժողովներուն հսկելէ և վարելէ զատ, քաղաքապետարանի պաշտօնեաներու և գործակատարներու ընտրութիւնը կատարել, Վարչութեան որոշումներու գործադրութիւնը, պետք եղած պարագաներուն,