հարկ զգացած խնդիրներու կարգադրութիւնը: Նահանգապետին միջոցով նահանգային վարչութեան խորհրդակցութևամբ ընել քաղաքապետարանին վերաբերեալ ազդարարութիւններ և յայտարարութիւններ ընել և գործադրել: Քաղաքապետարանի հասոյթները գանձել, հաշուկշռին մէջ եղած գումարները նահանգային վարչութեան որոշման համաձայն ծախսեք: Քաղաքապետարանի տարեկան հաշուեցուցակը պատրաստել և զայն Վարչական ժողովին ներկայացնելէ ու հաստատելէ վերջ լրագրով հրատարակել:
Քարտուղարի պարտականութիւն
1.- Քաղաքապետարանի գրութիւններու, հաշիւներու, տոմարներու և արձանագրութիւններու պահպանութիւնը քարտուղարին կը պատկանի:
Գանձապահ ու իր պարտականութիւն
Գանձապահը թոշակաւոր է երաշխաւորուած կըլլայ:
1. - Քաղաքապետարանի հասոյթները կը գանձէ ու կը ծախսէ օրուայ եղած գործողութեան ու պատրաստի եղած դրամին ցուցակը: Նախագահին կը յայտնէ:
2.- Նախագահը մինչև որ չհաստատէ և քարտուղարը չստորագրէ մուրհակը, գանձապահը չի կարող որևէ դրամ տալ կամ ծախսել:
Գանձատան մէջ եղած գործառնութիւններուն նախագահը, քարտուղարը և գանձապահը պատասխանատու են հաւասարապէս:
Մեծ քաղաքներու մէջ քաղաքապետարանի վարչութիւնը կունենայ քօնթրաքթի պաշտօնեայ մը, որ քաղաքապետարանի կողմէ վարձու տալիք և առնելիք քոնթրագթի գործերը կը կատարէ: Առնելիք ծախսերը գանձապահին կը յանձնէ: Իւրաքանչիւր ամսուայ գործառնութեան հաշուեցուցակը նախագահին կը յանձնէ և հաշիւները գանձապահին հաշիւներուն հետ բաղդատելով հաշուեցուցակին տակը գանձապահին ստորագրել կուտայ:
Պզտիկ քաղաքապետարանիս մէջ այս գործերը քարտուղարիս կողմէ կը կատարուին: Այս կերպով ներկայ քաղաքապետարանիս քօնթրագթի գործերը քարտուղարին յանձնուած են:
Քաղաքապետարանի հասոյթները
Քաղաքապետարանի հասոյթները կը գոյանան կառավարութեան կողմէ տրուած և որոշուած սովորական և արտաքոյ կարգի տուրքերէ:
1.- Քաղաքապետարանի հասոյթը կը կազմեն քաղաքի բարեզարդութեան համար ճամբաներէն աւելցած և շահագրգիռներու ծախուած տեղերուն արժէքը:
2.- Այս բարեզարդութենէն օգտուողներին առնուելիք բարեզարդութեան տուրքը: