Հին-Բայազիտէն 1 ”
Վանէն 2 ”
Կարսէն 1 ”
Մեծ Ղարաքիլիս. 1 ”
Սուխումէն 1 ”
Րօստովէն 1 ”
Սալմաստէն 1 ”
Քաղաք․ կուսակցութիւններու կողմէ 2-ական պատգ., «Վան-Տոսպ» և «Աշխատանք» թերթերու կողմէ 1-ական պատգ[ամավոր]:
Ձգտելով, որ թուրքահայ Համագումարը ըստ կարելոյն ներկայացնէ ամբողջ թուրքահայութեան ձայնը, Համագումարի պատգամաւորներու ընտրութեանը պէտք է մասնակցին շրջանի մէջ գտնուող և փախստականական գործերով զբաղող հայրենակցական ու դասային մարմինները և ատկէ դուրս տեղւոյն վրայ գտնուող (եթէ կան) Թուրքիոյ այլ նահանգներէ փախստականներու ներկայացուցիչները, պայմանով որ վերջիններու թիւը մարմիններու կողմէ ընտրողներու միութեան 1/3-էն չանցնի:
Մարմիններու կողմէ, շրջանի պատգամաւորի (կամ պատգամաւորներու) ընտրութեանը ձայն ունենալու համար, կը մասնակցին 3-ական ընտրող:
Այդ վայրերը, ուր միայն մէկ մարմին կայ, պատգամաւորի ընտրութեանը կը մասնակցի այդ մարմինը ամբողջ կազմով:
Այն վայրերը, ուր մարմին գոյութիւն չունի, պատգամաւորը կ՚ընտրուի ուղղակի փախստականներու կողմէ, տեղի պայմաններուն յարմար եղանակով:
Պատգամաւորը, իր մեկնելէն առաջ, անհրաժեշտ է որ օրակարգի խնդիրներու մասին վերցնէ իր հետ շրջանի հաւաքական կարծիքը, ինչպէս նաև զեկուցումներ, փաստեր, վիճակագրութիւններ և այլն:
Ցանկալի է, որ պատգամաւորները ընտրուին փախստականական գործերուն մօտէն ծանօթ և ձեռնհաս անձերէ:
Եթէ տեղւոյն վրայ չը գտնուին՝ շրջանները կարող են իրենց պատգամաւորը ընտրել նաև դուրսէն:
Պատգամաւորը իր հետը բերելու է զինք ընտրողներու կողմէ լիազօրութեան թուղթը:
Ցանկալի է, որ պատգամաւորները Երևան հասնին Համագումարի բացումէն գոնէ 1 օր առաջ:
Ցանկալի է, որ ընտրողները իրենց պատգամաւորներու ընտրութեան մասին օր առաջ տեղեկագրեն (նամակով կամ հեռագրով) նախաձեռնող Մարմնին:
Պատգամաւորներու ճանապարհածախքը պէտք է հոգան զինք ընտրող շրջանները:
- Համագումարի օրակարգն է.
- 1. Զեկուցումներ: