նախկին ձևը յարմար դատուեցաւ: Ժողովը թէև շեշտեց, թէ Տնտ. մարմին իրաւունք չունէր վարչ. խորհրդի որոշման հակառակ ընթացքի մը հետևել, բայց ընդունելով, որ իրապէս վարչ. խորհրդի որոշած եղանակով գործը դանդաղութեան կը մատնուէր - մինչդեռ այգիներու, արտերու մշակութեան խնդիրը ստիպողականութեան հանդէպ կը դնէր, Տնտ. մարմինը թոյլատու գտնուեցաւ և ընդունեց Տնտ. մարմնի ընդգրկած նախկին ձևը:
Գաւառներու լքուած հասոյթներու, ինչպէս նաև երկրագործական բերքերու տասանորդի99 վարձակալութեան համար որոշուեցաւ փոխել նախորդ ժողովի մէջ ընդունած որոշումը, որու փոխարէն որոշուեցաւ լքուած կալւածներու հասոյթներու, ինչպէս նաև տասանորդի վարձակալութեան համար ղրկել մէկ-մէկ պաշտօնեայ իւրաքանչիւր գաւառի կեդրոն, որոնք պիտի գործակցեն գաւառապետներուն:
Ժողովին ընտրուեցան 10 անձեր, մնացեալները պիտի ընտրէ Տնտ. մարմնի նախագահը և ներկայացնէ պ. նահանգապետին ի վաւերացում:
Ոմանք խնդրագրով դիմած էին պ. նահանգապետին և խնդրում էին արտօնութիւն ազատ համարուած հողի վրա բնակարաններ շինեւու: Ժողով նկատելով, որ խնդիրը բարդ է և ստուգման համար բավականաչափ փաստեր պէտք են․ որոնք կապուած են դժուարութիւններու հետ, որոշեց առայժմ անհետևանք թողուլ այդ կարգի դիմումներ:
Բերկրիի շրջանի Շարապխանէ գիւղի սահմաններու մէջ գտնուող հանքային ջրերու շահագործման մենաշնորհ խնդրած էին Ա. Թէրզիպաշեան և ինժ. տեխնոլոգ Միրիջանեան: Ժողով գտաւ, որ տուեալ պայմաններու մէջ հնարաւոր չէ մենաշնորհ տալ, այլ կարելի է ժամանակաւոր արտօնութիւն տալ, շահագործելու, վերապահելով խնդրատուներում առաջնութիւնի100
ՀԱԱ ֆ. 242, ց. 1, գ. 48, թ. 1-7, բնագիր, ձեռագիր:
N 76
ԿՐԹՈՒԹՅԱՆ ՏԵՍՉԻ ԳՐՈՒԹՅՈՒՆԸ Ա․ ՄԱՆՈՒԿՅԱՆԻՆ՝ ԿՐԹԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐԻ ՕՐԵՆՔՆԵՐ ՄՇԱԿԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
Պ. նահանգապետ,
Մայիս 25-ին ներկայացուցի ձեզ համայնքներու կառավարութեան հետ ունեցած յարաբերութիւններու մասին մշակած առաջնորդող սկզբունքներ:
Այս անգամ կը ներփակեմ ուսուցիչներու դասաւորման աստիճանաւորման ու վարձատրութեան մասին մշակած առաջնորդող սկզբունքներու բովանդակող ներկայ գրութիւնը: