Էջ:Արմանտ բանաստեղծը, Թորոս Թորանեան.djvu/39

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

- Այո՜, յիշո՜ւմ եմ, յիշում եմ ես ձեզ՝
Կանգնած իմ հոգու անդունդի եզրին, -
Մէկ–մէկ պեղելով յուշերս բեհեզ,
Ձեր որբ հոգուն եմ խառնել իմ հոգին...։

Այո՜, պետք է յիշենք մեկնողները, մանաւանդ շնորհալի մեկնողները, որոնք տալիք ունէին մեզի, որոնք հողին տարին ինչ որ պիտի ծաղկէր հողին վրայ։

Կը փակենք գիրքը, «Շքեղ Մերկութեամբ» պտղալի այս այգին ու կ'ըսենք. — իրանահայ գրականութիւնը իրաւ բանաստեղծով մը խտացուցած է իր շարքերը. բանաստեղծ, որուն հարուստ է ներաշխարհը, որ մերուած է բնութեան, որ մարդոց տառապանքը իրը կը նկատէ, որ վաղուան մարդուն նկատմամբ լաւատես է եւ պատրաստ է նուիրաբերելու իր կեանքը յանուն մարդուն, հակառակ անոր յոռի կողմերուն, յայտարարելով.— կը սիրեմ ձեզ։

Մենք ալ կ'ըսենք, — Բանաստեղծ Արմանտ, ձեր երգերուն, անոնց մարդկայնական շունչին ընդմէջէն, սիրեցինք ձեզ՝ հակառակ տողերու մէջ գտնուող որոշ անհարթութիւններու, որոնք անկասկած սրբագրելի են։

Մենք բանաստեղծ Արմանտին ծանօթացանք այս տարուան Յուլիս ամսուն Պոսթոնի մէջ, առիթով մը երբ ամուսիններ Եղիա եւ Լենա Ատուրեանները գաղափարը յղացած էին պատուելու երկու հայ գրող, մէկը Փարիզէն՝ արձակագիր Մովսէս Պչագճեանը, միւսը Հալէպէն, այս տողերը ստորագրողը։

Երեկոյթի գրական բաժինէն ետք սրահին մէջ հանդիպեցանք Արմանտին ու մեր զարմանքը չկրցանք զսպել ու յայտնեցինք իրեն — Բանաստեղծ, մենք ձեզ աւելի երիտասարդ կը կարծէինք։

Այդ զարմանքը եւ իրաւացի էր եւ ոչ իրաւացի:

Ոչ իրաւացի այն պատճառով, որ ապրելով Սփիւռքի մէջ եւ գրականութիւն մշակելու փորձ ընելով մենք ճանչցած