1.—ԵՌԱՍՏՂՈՎ մը կը սկսի գիրքին առաջին բաժինը, որ կ՚ընդգրկէ երեք քերթուած։
Մարդը նոյնն է և ունի նոյն մտորումները ըսելու այլ եղանակներով:
Առաջին բանաստեղծութիւնը վերնագրուած է այսպէս՝ -«Երգ Իմ», ուր, երգիչը կը գրէ.
|
Բանաստեղծները, ինչպէս նաեւ մշակոյթի որեւէ ճիւղին հետեւող մարդ, կ՚ուզեն արձագանգել իրենց ապրած դարին:
Միթէ Չարենցը չէ՞ր գրողը.
|
Շատ անգամ հեղինակ մը մեզի սիրելի դարձնողը անոր իր դարին երգիչը ըլլալն է, չդաւելն է իր քնարին։ Ու Չարենցը ապրեցաւ այնպէս ինչպէս գրեց:
Եւ ահա բանաստեղծ Արմանտ, որուն տեսողութիւնը այնպիսի ընկալող յատկութիւն ունի, որ պարզ նիւթը կրնայ վերածել երգի, գտնուելով վառարանի մը բոցին դիմաց կը գրէ իր «Օ՜, Բայց Երգում է» քերթուածը.
|