թէ ինք ամբողջ կեանքը պարտական է համբերութեան, որ ինք, համբերութեամբ, այս անհամ կեանքին իր գոյութեամբ բաներ մը բերաւ։ Ւսկ «Աճուրդ» բանաստեղծութեան մէջ հեղինակը աճուրդի կը հանէ առատ և աժան ապրանք մը՝ յոյսը։ Կ՝երեւի աժան ապրանքը եւս կ՚ունենայ իր գնորդը։ Կեանքը դիտելու, վերլուծելու կերպ մըն է իրը, տարբեր՝ սովորականէն : Կարդալով պիտի տեսնէք, որ բանաստեղծը «Արեւամար»ն իսկ այլ կերպ կը նկարադրէ
|
Այս անգամ, բանաստեղծը կը բաղդատէ ցաւն ուրախտի աղջիկը, և ակնարկելով ցաւին, կ՚ըսէ.
|
Չգնա՜ր բնաւ։
Կը տեսնէք արդէն, որ բանաստեղծին մտածելու եղանակը գիւտաւոր է. ինչ որ բանաստեղծութեան մէջ անհրաժեշտ տարր է և ընթերցողը իրեն կապելու միջոց։ Կան բանաստեղծներ, Արմանտը անոնցմէ չէ, որոնք կը չարաշահեն գիւտերու և պատկերներու օգտագործումը և իսկապէս տհաճութիւն կը պատճառեն ընթերցողին. նման պարագաներու, ըսուածին գոյնը խտանալու փոխարէն կը ճապաղի և ուրեմն, կը տուժէ գործը։