Ծիծաղն ու լացը կարծէք երկուորեակ ըլլան։ Շատ անգամ միաժամանակ կը յայտնուին:
«Տարիքը», «Անցեալը», «Գերանդին» և «Մահուան Հետ» բանաստեղծութիւններով Արմանտ կեանքը կը վերլուծէ իւրովի. վերջինին մէջ տալով մարդուն, և յատկապէս բանաստեղծներուն պայքարը մահուան դէմ:
բանաստեղծը, յուսահատութեան ժամերուն կը դիմէ իր թեւաբեկ երազին, դիմաւորելու համար արշալոյսները։
Ու Թեհրանը անոր մեծ կարօտն է։
3.-ՍԻՐՏ, ՍԻՐՏ, ՍԻՐՏ
Բանաստեղծը այսպէս կոչած է իր գիրքին երրորդ բաժինը, օրինակ մը բերելով Ա. Լ. Թենիսընէն.
|
Արմանտը դիմելով սիրտին, կ՝ըսէ.—
|
Ու քիչ մը յետոյ․
|
Հարց կը ծագի, խնայել պէ՞տք է կարիճին: Գուցէ։ Երբ կարիճին խայթոցը կրնայ մահացու չըլլալ. բայց երբ խօսքը կը վերաբերի մարդ կարիճին, արդէն անոր խայթոցը մահաբեր կրնայ ըլլալ և նման կարիճներու կրնան խնայել բանաստեղծները միայն, այլ քիչ անգամ քաղաքագէտներ. իսկ այդ պարագային ալ պատմութիւնը տուած է շատ փաստեր, ուր խնայողը, ինք դարձած է զոհը խնայուողին։