Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/104

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՆԱՅԻՐԻ ԶԱՐԵԱՆ


Քանի Խառակոնիս գիւղին մէջ, 1900–ին ծնած այս
մարդը շատ գրեց, շատ խօսեցաւ ու չատ խօսիլ ու գրել
տուաւ իր մասին։

Կը հանդիպէի իրեն շատ յաճախ, գրեթէ ամէն օր,
երբ կիջնէր Լենինեան պողոտայէն դէպի Մարքսի փողոցին
վրայ գտնուող իր բնակարանը։ Կը քալէր հաստատուն,
պիտի ըսէի գետինը ցնցող քայլերով: Բայց դէմքը միշտ
խոժոռ էր ու իր երթի միջոցին միշտ կը նայէր գետնին: