Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/129

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կեցին Հայոց Պատմութիւնը, վեր հանեցին անոր հերոսական
էջերը եւ խիզախումի մղեցին մեր երիտասարդութիւնը
ֆաշիստ ոսոխին դէմ:

Ու ոտքի ելաւ մեր ժողովուրդը եւ Հայրենական
Պատերազմին տուաւ աւելի քան կէս միլիոն զինուոր,
որոնք կռուեցան բոլոր ճակատներու վրայ եւ բոլոր ճակատներու
վրայ ալ խիզախեցին ու հերոսացան:

Ու պատմութիւնը արձանագրեց թէ արի արանց մեր
փոքր ժողովուրդը տուաւ աւելի քան 225 հազար նահատակ,
ի պաշտպանութիւն խորհուրդներու մեծ երկրին,
որուն մէկ անդամն է մեր մեծանուն եւ մեծագործ Հայաստանը:

Երկի՛ր, վաթսունամեակիդ տօնակատարութեան սա
պայծառ օրերուն, խոնարհէ գլուխդ մեր նահատակ զաւակներուն
առջեւ առանց աւաչի, երկիւղածօթէն։

Եթէ Դերենիկ Դեմիրճեանը գրեց «Վարդանանք»ը,
Ստեփան Զօրեանը՝ «Պապ թագաւոր»ը, ապա Սողոմոն
Տարօնցին տուաւ ամբողջ շարք մը բանաստեղծութիւներու
ի փառս մեր պատմութեան մեծերուն։

Անհատական իր կեանքին մէջ սակաւախօս էր Տարօնցին:
Այդպէս ճանչցայ մեր հանդիպումներուն ընթացքին,
որոնք տեղի կունենային յաճախ «Արմենիա» հիւրանոցի
ճաշարանին, երբեմն ալ իրենց տունէն մէջ։

«Արմենիա»յի ճաշարանին մէջ Սասունցիները յատուկ
անկիւն ունէին։ Գրեթէ ամէն օր, առանց բացառութեան,
կարելի էր հոն խմբուած տեսնել Տարօնցին, Նորենցը,
Դաշտենցը, Արտամետցի Վարդանեանը, Սաղիմական
Սարգիսեանը, Կիւմրեցի Շիրազը: Վերջին տարիներուն
երբեմն այս խումբին կը միանար նաեւ Սասուն Գրիգորեանը:

Այս սերունդը անցած էր Լենինականի որբանոցներէն։
Տակաւին պատանեակ՝ լքած էր հայրենի սար ու
օճախ։ Հայութիւնն էր այգ սերունդին խօսակցութեան
նիւթն ու առանցքը։ Եւ ամէն անգամ, որ արձակուրդով կը