Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/144

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆ



Երբ առողջութիւնը ներէր, գրեթէ ամէն օր, կիջնէր
Աբովեանն ի վար, մեր Պառնասի արծուաբիբ այս հսկան:

Հակառակ ութսունի մօտեցող իր տարիքին, կը քաւէր
ուղիղ, մաքուր հագուստն եւ սափրուած, թիթեռնիկ
փողկապը սպիտակ օձիքին եւ ծխամորճը՝ բերնին:

Կը քալէր հանդարտ, հանդիսաւոր։

Թումանեան-Աբովեան խաչմերուկին անկիւնը կանգնած
ներքին գոհունակութեամբ մը կը դիտէր ես անոր
հանդիսաւոր այս Էջքը ի խորոց սրտի մաղթելով.

— Տէ՜ր, թող այս եզակի գրագէտը գոնէ քառորդ
դար իքնէ այս փողոցէն, ըլլայ դարավերջի զարդը Երեւանի,
աւելցնէ հմայքը հմայիչ այս փողոցին ու հրճուանքով
դիմաւորէ իր ծննդեան դարադարձը։