Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/167

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Քանի որ Սարգիս Փաշաճեանը կանչեցի, ներկայացնեմ.—
Բազմաշխատ ուսուցիչ պուլկարահայ դպրոցներու
մէջ. նոյն գաղութի պարբերական մամուլի մնայուն
աշխատակիցներէն մէկը: Վերջին տարիներուն
Սոֆիայի հայկական վերջին վարժարանին տնօրէնն էր,
մինչեւ փակուիլը դպրոցին: Ուրեմն հասկցար թէ հիւրս
երիցս վիրաւոր հայ ուսուցիչ մըն էր: Փաշաճեան տեղ
գրաւեց սեղանին շուրջ եւ սիկարէթէն դեղնած մանր պեխերը
յարդարեց։

— Ի՞նչ նորութիւն, ընկե՛ր Փաշաճեան:

— Ուսուցչութիւնը ինծի համար վերջ գտաւ: Պարապ
նստելու ալ չեմ վարժուած: Լաւ թրքերէն գիտեմ:
Ըսի թարգմանեմ Մկրտիչ Արմէնի «Հեղնար Աղբիւր»ը:
Թարգմանեցի: Հրատարակութիւնը հաւնեցաւ։
Որոշեցին տպագրել: Ու ահա, ազդանշանային օրինակը:

Այո, «Հեղնար Աղբիւր»ը թրքերէն ալ պիտի հոսէր:

Շնորհաւորեցի Սարգիս Փաշաճեանը:

— Լաւ պատասխան մը տուած էր Թուրքերուն:

Անոնք կը ջարդեն, մենք իրենց լեզուին կը փոխադրենք
մեր գրական գոհարները:

— Թորոս, սիրելիս, թուրքերէն առածը կըսէ.
«Սրիկան իր սրիկայութիւնը, ձմեռն ալ իր ձմեռութիւնը
կընէ»։ Թուրքը իր թրքութիւնը, հայն ալ իր հայկականութիւնը
ցոյց կու տայ, այսքան:

Միտքով փոխադրուած էի Կիպրոս, Նիկոսիոյ Մելգոնեան
կրթական Հաստատութիւնը, ուր եռանդով կը
կարդայինք, կարտասանէինք Չարենց, Մահարի, Զարեան,
Մկրտիչ Արմէն: «Հեղնար Աղբիւր»ը Կիպրոս կարդադած
էի։ Յիշեցի որ Մկրտիչ Արմէնէն կարդացած էի
նաեւ պատմուածքներու ժողովածու մը, որ կը կոչուէր
«Գագաթների երգը»: Այդ հատորէն յիշեց ի պատմուածը
մը՝ «Ցիլենտրաւոր Կոմունիստ»ը։

Ի՜նչ օրեր էին: Որքա՜ն կը սիրէինք Մկրտիչ
Արմէն—Յարութիւնեանը։ Վէճի փոթորիկներ կը բարձրացնէնք
դպրոցի միջանցքներուն մէջ: Թուականը 1944 էր:
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը չէր հասած իր
աւարտին։ Կը հաւաքուէինք, կը յայտարարէինք անմե–