Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/205

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

— Այո, — եղած է Քաջազնունիին պատասխանը, —
անվարան, գալու էի, քանի իմանում էի, որ հայ մարդը
պարտաւոր է աշխատել իր սեպհական հողի վրայ։ Հողից
զրկուածը, զրկւում է ամէն բարիքից։ Հողն է հային հայ
պահողը։ Դրա համար էլ եկայ, գնդակահարուելու պարագային
մարմնովս պարարտացնելու համար հայ հողը։

Ահա՛ այդ սերունդին հայրենասիրութիւնը:

Բեգլարը օրուան մարդն Էր։

Ամէն մարդ զինք տեսնել կուզէր: Վիրաւորուած
դաշնակցականներ երբ որպէս զբօսաշրջիկ կամ ուխտագնաց
Երեւան կու գային, պարտականութիւն կը սեպէին
հանդիպիլ Բեգլարին, Արմենիա հիւրանոցի իր սենեակին
մէջ, կարճ խօսք մը ըսելու համար իրեն, ոչ թէ հայրենադարձութեան
կապակցութեամբ, այլ Գահիրէի օդանաւակայանին
մէջ իր կատարած յայտարարութեան: Դաշնակցութիւնը
ե՞րբ Ամերիկայի գործակալ եղած է...
Դուք, որդի Վահան Նաւասարդեանի, չկարմրեցա՞ք երբ
այդ յայտարարութիւնը ըրիք...

Այս կացութիւնը Բեգլարի հոգիին մէջ ճգնաժամեր
յառաջացուց: Ի՞մչ ընէր, կը մնար հիւրանոցի վեցերորդ
յարկին վրայ։ Խոստացեր էին տուն տալ իրեն: Կուշանար:
Ուշացան, եւ Ուրբաթը Շաբաթէն կանուխ եկաւ, չէր կրնար
չգալ։

Այդ օրերուն էր, հրբ խումբ մը սփիւռքահայ տղաք
շրջանաւարտ եղան Երեւանի բարձրագոյն ուսումնական
հաստատութիւններէն, Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային
Կապի Ընկերակցութիւնը խելամտութիւնը ունեցաւ
երեկոյ մը կազմակերպել ի պատիւ այդ տղոց:

Գացած էի Կոմիտէի երեկոյին մասնակցելու նաեւ
ես։

Առաջին անգամ հոն հանդիպեցայ Բեգլար Նաւասարդեանին:

Անծանօթ մը, անդադար կը զրուցէր իրեն հետ։ Երկար
տեւեց այդ երկխօսութիւնը, ես ալ, յամառօրէն իրենց
մօտ կանգնած, անհամբերութեան շարժումներ ցոյց կուտայի:
Ի վերջոյ, նկատողը Բեգլարը եղաւ.