Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/23

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

— Այս պարագային, ձեր կարծիքը Հայաստանի
կարծիքն է։

— Ուրեմն, Թորոս ջան, չի անցնելու երկար ժամանակ
եւ Մայր Հայրենիքում, Երեւանում լոյս ևն տեսնելու
հարիւրաւոր յօդուածներ ու գրքեր Անդրանիկի մասին։
Այդ ժամանակ դու կիմանաս մեր բոլորի կարծիքը: Սա
մի անուն է, որ գրուելու է գլխագրով - ԱՆԴՐԱՆԻԿ:

Թանի մը տարի ետք, երբ դէպքերու բարեբախտ
դասաւորումով մը դարձայ Երեւանի համալսարանի ուսանող,
ես ապրեցայ նախատեսութիւնը Հրաչեայ Քոչարին:
1969 թուականին, մեր անձնուրաց ֆետայիին ծնընդեան
հարիւրամեակէն առիթով, շատ յօդուածներ լոյս
ընծայուեցան Անդրանիկի լուսաւոր ճանապարհին մասին,
սակայն գիրքերը ուշացան, ուչ հասունցող բայց անոյշ
միրգերու նման:

Աւելի ետք, երբ Մարաջախտ Յովհաննէս Բագրամեան
Փարիզ այցելեց, իր աւագ պարտականութիւներէն
մէկը նկատեց երթալ Փէր Լա Շէզ գերեզմանատունը եւ
հոն՝ բարեւի կանգնիլ իր նախկին խմբապետին ու մեծագործ
դիւցազնի արձանին առջեւ։

Այդ նկարը ատենին ուղարկած եմ Պէյրութ «Նայիրիի»ին,
մակագրելով.

— Մարեչալը պատիւ կու տայ Զօրավարին։

Երբ Հրաչեայ Քոչար մահացաւ սիրտի ծանր տագնապի
մը հետեւանքով, մենք քանի մը տասնեակ սփիւռքահայ
ուսանողներ, կը գտնուէինը Զանգեզուր, Ակսել Բակունցի
քաղաքը՝ Գորիս։ Վէճի բռնուած էինք քաղաքի
կուսքարտուղար ընկեր փրիստափորին հետ այն մասին,
թէ ինչո՜ւ մեծ գորիսեցիի՝ Ակսել Բակունցի բնակարանը
չէր վերածուած Տուն—թանգարանի, ո՞ր օրուան կը սպասէին
այդ անհրաժեշտ քայլը առնելու համար:

Մենք Բակունցի Ցոլակ ձիուն արահետներէն կը
մագլցէինք, Մթնաձորը կը դիտէինք, Միրհաւը կերազէինք,
Ալպիական Մանուշակն էր մեր հայեացքին դէմ,