Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/244

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ընդ մերթ սկսայ այցելել իր արուեստանոցը: Այդպէս
սկսաւ մեր բարեկամութիւնը։

Տարի մը, երբ Փարիզ կը գտնուէի, բարեկամներէս՝
նկարիչ Տիգրան Տատրեան գրքոյկ մը երկարեց ինծի, զոր
ստորագրած էր ֆրանսացի հանրայայտ արուեստաբան
Վալտեմար Ժորժը։ Գեղատիպ այդ գրքոյկը Քոչարի մասին
Էր։ Հեղինակը իր այդ գործը կոչած Էր «Քոչարը եւ
նկարչութիւնը Տարածութեան մէջ»։

Օրինակ մը եւս գտայ: Մէկը պահեցի ինծի, իսկ
միւսը բերի Երեւան ու նուիրեցի իրեն՝ Քոչարին։

Շատ ուրախացաւ անակնկալ այս նուէրին համար:

— Մաէսթրօ, — ըսի իրեն, — յարմար առիթով մը
կը մտածեմ այս գիրքը թարգմանել հայերէնի ու հրատարակել:
Յուսամ դէմ չէք ըլլար։

Իր պատասխանը.

— Տեսա՞ր, անուշս, հլա Հայաստանում է իմ մասին
դիրք չեն հրատարակել: Բայց ահա, Փարիզը չի մոռացել
ինձ: Ի՜նչ խօսք, որ իմ տեղը Երեւանն էր: Դրա համար էլ
եկայ: Իսկ երբ Փարիզում էի, առիւծ էի։ Առիւծ, հասկացա՞ր,
Փիքասոն, Լէմէն, եւ միւսները ինձ նկատի էին
առնում։ Բա՜ էդպէս էր:

— Հիմա ալ առիւծ էր, Մաէսթրօ։

— Որ այդպէս ես մտածում, ջահել ես։ Թարգմանիր։
Տպիր։

Յաջորդ արձակուրդին դարձեալ Փարիզ էի։ Նամակ
մը հասցէագրեցի Վալտեմար Ժորժին։ Որպէս
շնորհակալութիւն յայտնեցի իրեն այն բանին համար, որ
ինք Ֆրանսացի ըլլալով՝ մեծարած էր հա՛յ արուեստագէտ
մը, որ ատենին Փարիզի մէջ առաջինը դրած էր հիմը արւեստի
նոր դպրոցի մը — նկարչութիւնը՝ տարածութեան
մէջ:

Այդ նամակով Վալտեմարէն արտօնութիւն կը խնդրէի
գրքոյկին հայերէն թարգմանութեան համար եւ կառաջարկէի
հայերէն հրատարակութիւնը ճոխացնել յառաջաբանով
մը իր գրիչէն։

Նկարիչ Տիգրան Տատրեանին տիկինը՝ ֆրանսուազը՝
մօտէն կը ճանչնար Վալտեմարը։ Անոր միջոցով ար-