Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/267

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՌԱՖԱՅԷԼ ԱՐԱՄԵԱՆ


Կատարեալ պոհեմ մը։

Ես զինք միշտ նմանցուցան եմ մեր օրերու ամերիկեան
մեծ գրող Հեմինկուէյին: Վստահ եղէք, եթէ արտօնէին,
Արամեան Սպանիա ալ կերթար կռուելու Ֆրանքոյի
դէմ։ Բայց նախընրտութիւնը պիտի տար Վանի։

Իր գրականութեամբ ալ Հեմինկուէյը յիշէցնող բազում
էջեր ունի Արամեան։

Կը նայիմ Արամեանի դիմանկարին։ Ահա՛ իրեն հետ
առանձին եմ: Իր աւարտին կը մօտենայ այս զիրքը: Ռաֆայէլ
Արամեան, մա՛րդ մը, որուն մահուան տակաւին
չեմ հաւատար ու կերեւի թէ պիտի չհաւատամ մինչեւ
կեանքիս վերջ։

Կը յիշեմ 1966–ի Փետրուարեան այն օրը երբ իր
«Զթամբան Ձիեր» պատմուածքներու հատորը նուիրեց
ինծի, զիրքին առաջին էջին վրայ րոպէի մը մէջ գնելով
դիմանկարս:

«Զթամբան Ձիեր»։ Հայ ժամանակակից արձակի