Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/283

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կացի Մեծ Վարդապետին ճանապարհով ու հաւատքով։

Ու Երեւանի Օգոստոսեան այդ գիշերը մենք գրուցելով
կիսեցինք տունիդ մէջ, յետոյ՝ արշալոյսը դիմաւորեցինք
Սասնայ գիւղերու մածունով ու լաւաշով, հայկական
աննման Դուին քոնեաքով, նոր թափով շարունակելու
համար մեր զրոյցը՝ հայ մարդուն ճակատագրին մասին,
բարձրացող հայրենիքի, մեր մեե երազներու մասին,
ապա՝ միատեղ բռնելու համար Մարութայ սարին ճամբան...

Իմ Մուշեղ, իմ Մուշեղ սիրելի, կը յիշե՞ս երբ քեզի
ըսի, թէ մամուլի տակ գիրք մը ունիմ, նուիրուած հայաստանի
Վաթսունամեակին:

— Պատմէ,— գոչեցիր,— պատմէ ինծի անոր մասին:

Ու ես թուեցի մէկ առ մէկ այս գիրքիս մաս կազմող
հայրենի քառասուն գրողներուն եւ արուեստագէտներուն
անունները:

Ես ի՜նչ գիտնայի, ի՜նչպէս գիտնայի, թէ գիրքիս
41-րդ անունը դուն պիտի ըլլայիր, Ձորի Միրոյի հարազատ
գառ, Սասնայ սարերու կապուտաչ եւ խարտեաշ
տղայ...

Օ՜ կցկտուր այս բառերը, կցկտուր այս տողերը...

Հալէպէն բարեկամ Սասունցիի մը՝ Շառոյեանին
պատուէրը բերեր էի քեզի:

— Եթէ Գալշոյեան Մուշեղը իրաւ Սասունցի է,
ապա լաւ թող իմանայ, որ մենը գինը որպէս Սասունցի
գրող կընդունինք ու կը պատուենք միայն այն ատեն երբ
ինք ստեղծագործէ չորս սասունցի գրողներու ուժգնութեամբ:

Չկայ Սողոմոն Տարօնցիւն, Վաղարշակ Նորենցը,
չկայ Խաչիկ Դաշաենցը, բայց կայ չորրորդը, Մուշեղ
Գալշոյեանը, որ պէտք է ստեղծագործէ անոնց տեղ
ալ, պէտք է ստեղծագործէ ուրեմն չորս սասունցի գրողներու
ուժով...

Ես յուզումի կաթիլներ տեսայ աչքերուդ կապոյտ