Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/285

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

նուն Անդրանիկի արձանի բացման օրը, երբ գլխաւոր բանախօս
իբրեւ, աւարտեցի խօսքս եւ իջայ բեմէն, յանկարծ,
բազմութիւնը ճեղքելով խուժեցիր վրաս, ղրկեցիր զիս,
լուռ այդ գիրկընդխառնումին մէջ արտայայտելով ամբողջ
յուզումդ եւ ուրախութիւնդ:

Ու անկէ ետք, բազմաթիւ հանդիպումներու ընթացքին,
մեր խօսակցութիւններուն նիւթին առանցքը
հայ ժողովուրդն էր, փիւնիկ այն թռչունը որուն մէկ
թեւը հայրենիքն էր, ծաղկող Հայաստանը, իսկ միւսը՝
վիրաւոր թեւը Սփիւռքը:

Որքա՜ն խօսած ենք Սփիւռքի մասին: Զայն բաղկացնող
իրերամերժ ուժերուն մասին: Միշտ ու միակ մտածումդ
եղած է Սփիւռքը համերաշխ տեսնել:

Դուն քիչ կը խօսէիր Մուշեղ: Պոռթկացողը ես կլլայի
յաճախ։ Դուն կը լսէիր գլուխդ կախ ու միշտ կը
հաստատէիր օրեր առաջ, շաբաթներ առաջ, ամիսներ
առաջ հաստատած, ու արդէն քանիերորդ անգամ հաստատած
այն միտքդ թէ Սփիւռքը իրաւունք չունի մեր իրականութեան
վրայ թեթեւ նայելու: Սփիւռքին ներելի չէ
թեթեւամտութիւնը: Սփիւռքը իր արժանապատուութիւնը
պահած կըլլայ միայն այն ժամանւսկ, երբ վերջ տայ
գզուըրտոցին, ունենայ իր հաւատքի՛ հանգանակը ու դիմէ
դէպի իր նպատա՛կը:

Կը յիշեմ, սասունցի ըլլալով հանդերձ, կը քննադատէիր
Սասունիի որոշ գործերն ու ելոյթները, նոյնպէս
Սիմոն Սիմոնեանը։ Միշտ կասկած մը ունէիր Գէորգ
Չաուշի մահուան պարագաներուն կապակցութեամբ:
Որքա՜ն աշխսատած եմ համոզել քեզ, որ Սիմոնեանը անկաշառ
հայրենասէր է: Աեդիի դէմէն գլուխդ բարձրացուր
եւ ըսէ՛ թէ ի վերջոյ սիրեցիր Օվէի որդի Սիմոնը, իր
պատմուածքներուն ընդմէջէն, բայց յայտնեցիր նաեւ այն
կարծիքը, թէ հրապարակային մեր ելոյթները միշտ պէտք
է մնան լրջութեան սահմաններուն մէջ:

Հայ Ֆետային սրբութիւն էր քեզի համար: Անոր
արժէքը պէտք էր իմանար թէ՛ Սփիւռքը, թէ՛ Հայրենիքը:
Բայց Սփիւռքը, յետադարձ հայեացքով, մեր նուիրում–