Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/291

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ականջներուս մէջ է անոնց պատգամը։
Սիրտիս մէջ, արիւնիս մէջ։
— Որդի՜, պաշտէ՛ հողը, վերադարձիր արմատներուդ։ Այդ է
ճանապարհը իմաստութեան եւ յաւիտենութեան։
Ընթերցո՛ղ,
Այս գիրքին իւրաքանչիւր էջին, իւրաքանչիւր տողին, իւրաքանչիւր
տառին մէջ կամ ե՛ս, կաս դո՛ւն։ Ես գրեցի զանոնք ոչ միայն յոյսով,
այլ նաեւ ու մանաւանդ անկոտրում հաւատքով դէպի իմ, քու, մեր
ժողովուրդի ապագան։
Վաղը պիտի տօնենք մեր երկրին մէկ մասին Վաթսունամեակը,
այն հաստատ հաւատքով որ անպայման պիտի գայ նաեւ օրը տօնելու
տարեդարձը ամբողջական Հայաստանին։
Այդ է համոզումը ամէն մէ՛կ հայու, ապրի ան այսօր Արարատի
շուքին տակ թէ Նիակարայի ջրվէժի խլացնող աղմուկներուն մէջ։
Անհունօրէն հպա՜րտ եմ իմ Վաթսունամեայ Երկրով, որ գրաւականն
է մեր գալիքներուն։
Եթէ սիրեցիր այս գիրքը, ի՛մ քոյր, ի՛մ եղբայր, հեռու թէ մօտ,
ատիկա պիտի ըլլայ իմ միակ ուրախութիւնը։
Եթէ ցաւ զգացիր երբեմն, այդ ցաւը, գիտցիր, իմ անգին, որ
ի՛մս ալ է։
Այլ մի՛ մոռնար երբեք, որ երբ կայ հողը, կայ երկիրը, ուրեմն
կա՛յ եւ բալասանը ամէն ցաւի։
Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ՚ըսեմ, որ ես գրեցի միայն ճշմարտութիւնը։
Ու ես գիտեմ, ու դուն գիտես, որ մեր ճշմարտութիւնը հո՛ղն է,
մեր հայրենիքը, մեր Հայաստան աշխարհը՝ Նեմրութէն ու Սիփանէն
մինչեւ Արարատ ու Արագած։
Երկի՛ր իմ, ես քու Վաթսունամեակիդ ձօնեցի այս մատեանը,
Մնալով մարդօրէն, հայօրէն, որդիաբար՝ միշտ քուկդ՝ Թորոս
որդի Խաչերի եւ Վարդուհիի Թորանեան։

Հալէպ, յամի Տեառն 1980