Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/290

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Այս գիրքը գրած օրերուս, հայ ժողովուրդը իր հայրենիքով ու
Սփիւռքով նշեց Մեծ Եղեռնի 65-րդ տարելիցը, ու ըսաւ աշխարէին.
— Չես կրնար մոռնալ Հսւյոց Ցեղասպանութիւնը։
Այս տարի, 1980 թուականի Նոյեմբերի 29-ին, մեր ժողովուրդը՝
Հայաստանի մէջ թէ արտասահմանի կը պատրաստուի մեծ շուքով
տօնելու մեր Վերածնունդի Վաթսունամեակը։
Մեր ժողովուրդը, երկիրէն ներս, կը դիմաւորէ այս թուականը,
մեծագործութիւններով։
Կը բաւէ յիշել միայն մէկն անոնցմէ — Արփա-Սեւան ջրանցքին
աշխատանքներուն աւարտումը։ Աշխարհի ամենամեծ լեռնային փապուղին,
մօտ յիսուն քիլոմեթր։ Պետական ժողովուրդի վայել
սխրագործութիւն։
Չըլլար այդ սխրալի նուաճումը, ի՜նչ կը դառնար Հայաստանը
առանց Սեւանի։ Շողշողուն ակը կորսնցուցած մատանի մը։
Կենդանացաւ մեր Սեւանը, Գեղամայ սարերու սիրուհին, շնորհիւ
նոր իրաւակարգին, որուն Վաթսունամեակը պիտի նշենք։
Ընթերցող,
Ահա կը փակեմ «Գիրք Որդիական»ը խորին հաւատքով զիս ծնող,
դարերէն եկող բայց յաւերժ երիտասարդ իմ ժողովուրդին։ Հաւատք
նաեւ՝ անոր ներկային եւ առաւել փայլուն գալիքին։
Ես՝ որ Սասունցի Դաւիթի արիւնը կը կրեմ երակներուս եւ
իւրաքանչիւր բջիջիս մէջ։
Ես՝ որուն ծնողներուն հայրերը եկած են Սասունէն ու հաստատած
Կիլիկիոյ Այնթապ քաղաքի մէկ աննշան գիւղը՝ Ճիպին,
Ես՝ զաւակն անո՜նց, որոնք արմատախիլ եղան օր մը իրենց
հայրենի տունէն ու հողէն եւ քշուեցան տարագրութեան վայրագ ալիքներուն
հետ՝ հասնելու համար մինչեւ աւազուտները անապատին եւ
ափերը Կարմիր ծովին...
Ես՝ փրկուած հրաշքով ու հաստատուած արաբական հիւրընկալ
հողին վրայ,
Ես՝ որուն հայրը թաղուած է Զահլէ — Լիբանան — եւ մայրը
Հալէպ — Սուրիա, հեռու, հեռու Սասնոյ սարերէն եւ հայրենական
կորուսեալ գիւղէն,
Ես՝ լսեր եմ ծնողներէս ինչ որ պատմեր են ինծի սարսափներէն
տարագրութեան եւ գաղթի։