Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/58

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

իրենց բնակարանը, մէկ պարագայի միայն չէի կրնար հեռատեսիլը
փակել տալ.— Երբ ֆութպոլի մրցում մը կը
պատկերասփռուէր:

Աշխոյժ, նուիրուած հայրենասէր մըն էր։ Եղած էր
Սաղիմական: Ս. Յակոբի վանքին մէջ աշակերտած էր
Յակոբ Օշականին, ու անկէ կու գար գրականութեան հանդէպ
իր սէրը։

Արտասահման եղած շրջանին ստորագրած էր քանի
մը պատմուածը եւ քննադատական կարգ մը էջեր: Գրական
գետնի վյրայ համեստ էին իր կարողութիւնները, ել
հայրենիքի մէջ ալ գրական յաջողութիւններ չունեցաւ։
Սակայն գրիչը վար չդրալ բոլորովին եւ մերթ ընդ մերթ
ստորագրեց մանր ծաւալի յօդուածներ։ Աւելի՝ ծառայեց
որպէս ուսուցիչ, խմբագիր ել Սփիւռքահայութեան հետ
Մշակութային կապի կոմիտէի բաժնի վարիչ:

Ճամբորդելու մէկէ աւելի առիթներ ունեցաւ իր
պաշտօնին բերումով: Քանի մը անգամ Հռոմ ուղարկուեցաւ
Ամենայն Հայոց Հայրապետին կողմէ:

Ուղեւորուեցաւ նաեւ դէպի Պէյրութ: Բայց այս մէկը
բախտաբեր չեղաւ հայրենասէր այս տղուն համար:

Պէյրութի մէջ ան ունեցաւ բազմաթիւ ելոյթներ,
բոլորն ալ բազում վկաներու հաստատումով տոգորուած
էին հայրենասիրական ջերմ շունչով: Թերթերը, որոնք
իրենց կարգին արձագանգ եղած էին անոնց, կը հաստատէին
նոյն բանը:

Երբ Երեւան վերադարձաւ, կանկնկալէր որ շնորհակալութեան
խօսք մը լսէ իր կատարածին համար. սակայն
ասոր փոխարէն ստացաւ պաշտօնական թուղթ մը,
ուր՝ սեւով սպիտակի վրայ կըսուէր թէ... կարձակուի
իր պաշտօնէն: Պատճա՞ռ... իր հայրենասիրական ելոյթները:

Այս կարծր իրողութեան դիմաց կաթուածահար ըլլալը
բան մը չէր։ Ոչ ոք կրցաւ հասկնալ պատճառը Գրիգոր