Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/61

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԳՐԻԳՈՐ ՔԵՇԻՇԵԱՆ



Հանդարտ էր ան իր բնաւորութեամբ ու պայծառ՝
իր դիմագիծով:

Ծնած Էր 1921–ին, Վահկայ, Կիլիկիոյ երբեմնի նշանաւոր
բերդագիւղին մէջ: Հալածական էր ծնողները,
նորածին Գրիգորը հասցուցեր էին Աթէնք։ Դեռ մանուկ՝
գաղթականութեան քամին զինք քշեց ու բերաւ Պէյրութ
եւ նետեց հայ գաղթականներու քեմփի ցեխին ու թշուառութեան
մէջ, Պատանի ուսման տենչը զինք տարաւ