Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/65

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Իմ լարուած ճիգերուս փոխարէն, կորսուելիք ժամանակին
փոխարէն, այս անգամ, կը շահէմ մարդոց վերջնական
վստահութիւնը: Ահա՛ պատահելիքը:

Գրիգորը ԿոմիտԷին փոխադրուեցաւ Հայկական
Հանրագիտարան։ Առաջին Հանրագիտարանի աշխատակցութեան:
Ես պիտի ըսէի թէ այս գործը Վաթսունամեայ
Խորհրդային Հայաստանի խոշորագոյն իրագործումներէն
մէկն է:

Այս գործը Գրիգորին հպարտութիւնն էր: Իր զաւակէն
աւելի սիրեց այս գործը։ Երեւանին պէս սիրեց այս
գործը: Ամբողջ իր կեանքը նուիրեց անոր: Թերթելով
անոր հազարաւոր էջերը, ընթերցողը այդտեղ բազմիցս
պիտի հանդիպի Գրիգոր Քեշիշեանի ստորագրութեան:
Հոն Է իր գիտական ու գրականագիաական արժանիքներուն
վկայութիւնը, իսկ ինչ կը վերաբերի իր գրական տաղանդին,
իր պատմուածքները փայլուն ապացոյցն են
ատոր: Անոնց մէջ դուք պիտի գտնէք դրոշմը մեր երկրին,
շունչը մեր երիտասարդութեան: Գրիգոր Քեշիշեանը
հանդիսացաւ արձագանգը մեր նոր առօրեային եւ ներկային
առ հասարակ:

Ան դրեց նաեւ իր անցեալին մասին, պատկերացուց
իր կեանքը Մելգոնեան կրթական Հաստատութենէն ներս
«Կղզի նման Չիք Մեր Կիպրեայ» խորագիրը կրող վիպակով
մը:

Եւ ահա իր վերջին ուշագրաւ գիրքը՝ «Տնակը
Կռունկին վրայ», որուն էջերուն մէջ՝ Երեւանի մեր նորագոյն
երիտասարդութիւնն է, որ կը տողանցէ: Հեմինկուէյական
պարզութեամբ եւ նաեւ խորութեամբ գրուած
պատմուածքներ, որոնք իրենց վճիտ եւ առինքնող ոճով,
թարմ եւ խռովիչ նիւթերով կը ջերմացնեն ընթերցողին
հողին:

Հանդարտութիւնը սիրող ու ապրող Գրիգորը, առիթով
մը միայն կորսնցուց իր ծով համբերութիւնը: Բայց
պահ մը լոկ. ու ատիկա պատահեցաւ այն օրերուն, երբ
իսթանպուլցի յայտն ի թուրք գրող մը՝ Ազիզ Նեսինը,
հիւրաբար կը գտնուէր Երեւան: