Էջ:Գիրք Որդիական, Թորոս Թորանեան.djvu/66

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Զորս օր Քեշիշեանը ընկերացաւ այս թուրք երգիծաբանին
որպէս թարգման: Ինք որոշած Էր հարցեր
չյարուցանել։ Թուրք մըն Էր։ Անհատ մը։ Գրող մը։ Պիտի
իրեն ցոյց տար տեսարժան վայրերը մեր երկրին, ցոյց
տար մեր մայրաքաղաքը։ Այդքան: Եւ այդքանը բաւական
էր հասկցողին համար։ Բայց ահա, Ազիզ Նեսինը, հայ
գրողներուն հետ իր հանդիպման ժամանակ, հարց տուաւ.

— Իրա՞ւ է, որ դուք, հայերդ ամէն տարի կը նշէր
Ապրիլ 24–ը: Դուք այդ ձեւով հո՞ղ առնել կուզէք...
Կրնար ամէն օր նշել Ապրիլ 24-ը, բայց ի զուր...

Այսպէ՞ս պէտք էր խօսէր Ազիզ Նեսին, այն ալ Երեւանի՞
մէջ, մեր ընտրանիի՞ն ներկայութեան, Հայ Գրողներու
Տունին մէջ։ Հայասաանի հիւրն էր, բայց այդ հիւրը
կը թքնէր այն ամանին մէջ իսկ, ուր իրեն հաց եւ միրգ կը
հրամցուԷր։

Թրքավայել այս վարմունքէն չատեր ջղայնացան,
բայց Գրիգոր Քեշիշեանը, չկորսնցուց իր պաղարիւնը...

— Մարդը այդպէս կը մտածէ, իր ըսածն ալ թէեւ
կոպիտ, ճիշդ է։ Ապրիլ 24 նշելով մեր հողերուն վերատիրանալը
անմիջական գործօնի չի վերածուիր...: Աւելի լաւ
չէ՞, որ մարդը ըսի ինչ որ կը մտածէ... քան թէ շողոմէ
ու շողոքորթէ տանտէրերը, ինչ որ յատուկ եղած է Թուրքերուն
դարերու ընթացքին...

Ու այս խօսքերէն ետը Գրիգորը Նեսինին հարցումներուն
կը պատասխանէր ամբողջ չորս օր։ Եւ այդ չորս
օրերուն ընթացըին, անգամ մը միայն յորդեցաւ համբերութեան
իր մեծ բաժակը երբ թուրը գրողը ըսեր էր իրեն.

— Աւելի քան կէս դար ճգնելէ ետը, վերջապէս Հայերդ
կրցեր էք կառուցանել գաւառային քաղաք մը
Երեւանը...

Ի՜նչ, Երեւանը, ի՛ր Երեւանը գաւառայի՞ն քաղաք։
Ալ չափը անցուցիր դուն, թուրք գրող...

Երբ կը պատմէր ինծի այս դէպքը.

— Բայց, Գրիգոր,— ըսի ես,— մարդուն կարծիքն
է։ Լաւ որ արտայայտեց, հապա կուզէիր որ քեզ շողոքորթէ՞ր...