Jump to content

Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/10

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Աղբալեան, Աւ. Իսահակեան, Դ. Դեմիրճեան. կը կարդային իրենց գործերէն եւ զրոյցներ կ՚ունենային գրական հարցերու շուրջ:

1908-ին լոյս կը տեսնէ Վահան Տէրեանի «Մթնշաղի Անուրջներ» անուն քերթուածներու մէկ փունջը, որ իր վրայ կը հրաւիրէ Ն. Աղբալեանի ուշադրութիւնը։ Տէրեան Շանթէն եւ Իսահակեանէն յետոյ երրորդ դէմքն է, որ կ՚արժանանար Ն. Աղբալեանի գնահատութեան եւ որ յետագային պիտի դառնար արեւելահայ բանաստեղծական գրականութեան գագաթներէն մէկը:

1909—ին Ն.Աղբալեան կրթական եւ հանրային գործերով կը մեկնի Պարսկաստան՝ Թեհրան, ուր կը մնայ մինչեւ 1912 թուականը, ունենալով մշակութային եւ հանրային բեղուն գործունէութիւն մը։

1912-ին կը վերադառնայ Թիֆլիս, ու կ՚անդամակցի Հայ Գրողներու Ընկերութեան , դառնալով միաժամանակ այն ընկերակցութեան ամենէն հեղինակաւոր դէմքերէն մէկը։ Նոյն այս Ընկերութեան հաւաքույթներու ժամանակ կը կատարէ յայտնաբերումը խոստմնալից երիտասարդ գրող Ստեփան Զօրեանի, որ աւելի ուշ պիտի դառնար արեւելահայ արձակի, եւ կարճ պատմուածքի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը :

1912-ին կը լրանայ Հայ Գրերու գիւտի 1500 եւ Հայկ. տպագրութեան 400 ամեակը: Հայութիւնը իր բոլոր հատուածներով մեծաշուք հանդիսութիւններով կը պանծացնէ զոյգ թուականներն ու անոնց կապուած խորհուրդը: Կովկասի մէջ Ն.Աղբալեան եւ Յ. Թումանեան կը հանդիսանան կեդրոնական դէմքերը յոբելինական տօնակատարութիւններուն՝ իրենց ներհուն դասախօսութիւններով եւ այդ ուղղութեամբ գրուած յօդուածներով։

Նոյն այս ժամանակ Ն. Աղբալեանի աչքը կ՚իյնայ Աայաթ Նովայի վրայ, որուն ծննդեան 200 ամեակը կը լրանար այդ տարին։ Մինչեւ այդ թուականը Սայաթ Նովան գրական շրջանակներուն ծանօթ էր Գ. Հախվերտեանի քննական ուսումնասիրութիւններով:

Սայաթ Նովան հանրութեան լայն խաւերուն ծանօթացնելու նախաձեռնութիւնը սակայն կը պատկանի Յ. Թումանեանին, բայց մանաւանդ՝ Ն.Աղբալեանի, որ լաւապէս ծանօթ էր Թիֆլիսի բարբառին, ծանօթ՝ աշուղի անուան եւ գործին եւ ծանօթ՝ անոր գործերուն նուիրուած գրականութեան։ Սակայն, այդ ամէնուն մէջ մեծ աշուղը իր տաղանդին համապատասխան չափով ըմբռնուած եւ հայ աշուղական գրականութեան մէջ իր արժանաւոր տեղը գրաւած չէր: Ն. Աղբալեան հրապարակային հանդիսութիւններու եւ մամուլի մէջ հրատարակուած լուրջ ուսումնասիրութիւններով հմտագոյն մեկնաբանը կը հանդիսանայ մեծ աշուղի ստեղծագործութեան. անոր գործին արժանիքներուն եւ վերջնականապէս կ՚որոշեն անոր վերապահուաժ տեղը հայ աշուղական գրականութեան մէջ:

1912 թուականին եւ յաջորդող քանի մը տարիներուն, Ն.Աղբալեան աշխատակցութեան լայն բաժին մը կ՚ունենայ Թիֆլիսի «Հորիզոն» թերթին բազմաթիւ քննադատական, վերլուծական յօդուածներով, ընկերային—քաղաքական քրոնիկներով՝ արձագանք հանդիսանալով ազգային թէ միջազգային իրադարձութիւններուն:

1913–ին կը սկսի հրատարակուիլ «Նոր Հոսանք» անուն մեծածաւալ հանդէսը,