Jump to content

Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/15

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԺԴ

ծաղկումի, ոչ ալ պոէտի։ Քաղաքացիի աշխարհայեացքը եւ պոէտի տեսլականը կազմած են հակադիր բեւեռները իր ներաշխարհին. առաջինը՝ որպէս գաղափարական բաղձալի իրագործումներու ձգտում, երկրորդը՝ սիրել իրականութեան մը շնորհակալ ընկալում։

Աղբալեանի հոգեմտաւոր կարողութիւններն ու շնորհները կը բացատրուին անոնցմով։

Քաղաքացիի համոզումներն են, որ դատապարտել կու տան Ա. ընդհ. պատերազմը նախորդող տարիներու նկուն ու վհատ սերունդը։ Սակայն պոէտի հակումներն են որ պատճաո կ՚ըլլան կեանքի հմայքներուն իր համակերպումին: Գաղափարը եւ իրականութիւնը տարրեր են իրարմէ. Աղբալեան նուիրուած մէկուն եւ հարկատու է միւսին։

Միայն իր կեանքը չէ , որ տուն կու տայ այս հաստատումներուն. իր ուսումնասիրութիւններն ու գրախօսականները կը շեշտեն զանոնք: Աղբալեանի սիրելի դիմագիծը հարազատօրէն կը յայտնուի դրուածքներուն մէջ՝ իր լոյսովն ու աւտուերովը:

Կը տեսնենք, որ Աղբալեանի հողին մէջ հաւասարապէս տեղ ունին գիտակից պարտաճանաչութիւնը եւ տեսակ մը գեղարուեստական ծուլութիւն: Որքան ատեն, որ հանրային պարտադրանքի մը, տրուած պաշտօնի մը բերքն է աշխտտանքը՝ կանոնաւոր, բծախնդիր աշխատող է Աղբալեան: 1912—14 շրջանին գրած իր յօդուածները վկայութիւնն են իր աշխատունակութեան. երեք տարուան այդ շրջանին, որպէս «Հորիզոն»ի խմբագիր՝ Աղբալեան գրած է գրադատական, քաղաքական կամ գրապատմական յօդուածներու ամբողջ շարք մը, որ իր վաստակին 1/3ը կը ներկայացնէ: Միեւնոյն, շրջանին (1913-14) իր անձնական ամսաթերթին մէջ տպած է միայն 3 լուրջ ուսումնասիրութիւն եւ քանի մը մանր գրախօսական։ Ամբողջ կեանքի ընթացքին երազած է գրել «Հայոց գրականութեան մի լաւ պատմութիւն» բայց կեանքի վերջին միայն, Համազգային ՊԷյրութի մասնաճիւղի եւ յետոյ ալ «Ակօս»ի խմբագրին պնդումով գրած է Հայ Մատենագրութեան վերաբերող իր գասախօսութիւնները եւ Հայոց Գրականութեան Պատմութեան ներածականը:

Աշխատանքի անգամ մը լծուելէ ետք՝ գիւրինով, մօտաւորով գոհացող մարդ չէ Աղբալեան: Վերլուծումի իր մեթոտէն եւ յատկապէս Գ. Տէր Ռուբինեանին ընտրած դիտողութենէն (*) կրնանք եզրակացնել, թէ քանի մը անգամ ուշադիր կարդալէ ետք միայն գիրք մը՝ կը խօսի անոր մասին: Ու մասնաւոր հակում մը ունի մանր քննութեան, ճշգրիտ հետախուզումի: Թիւերը կը գրաւեն իր ուշադրութիւնը, եւ տեղադրական հատորի մը կամ հրատարակչական միութեան մը մասին խօսած ժամանակ չ՛ի վարանիր երկար հաշիւներով ընդգծելու իր կարծիքը:

Գիտական այս աչխատաձեւը կը պսակուի մտաւորական պարկեշտութեամբ: Նոյնիսկ երբ վստահ է, թէ ինք իրաւունք ունի եւ հակառակորդը անարդար է կամ նեղմիտ՝ Աղբալեան բնաւ չի հեռանար փաստերէն եւ կը մնայ անաչառ։ Մինչեւ իսկ չ՞ուզեր արդար իր յաղթանակով հնչել հակառակոդը. ծայրայեղ պարագային՝

(*) «Լ. Շանթ, նրա երկերն եւ Հին Աստուածներ դրաման» Հորիզոն, 1913, թիւ 129