կը գիմէ թեթեւ, սրամիտ հեգնանքի մը, որ չի՛ վիրաւորեր սակայն:
Երբեմն, ճիշգ Է, ստիպուած կ՞ըլլայ անխնայ հարուածելու (*), բայց կը հարուածէ ի պաշտօնէ, հեռու ոխակալ հաշիւներէ: Իր մէջ տիրողը ներողամիա ոգին եւ բարեացակամ ըմբռնողութիւնն է:
Աղբալեանի հոգին հարուստ է զգացական եւ զգայական գանձերով։ Զգայական իր աշխարհր կը յատկանշուի մասնաւորաբար սեռային թեթեւ զունաւորումով մը։ Սէրն ու սեռը խորհրդածութեան տեւական նիւթ են իրեն համար։ Մանրամասնօրէն, տեսակ մը հեշտագին մօտեցումով կը վերլուծէ իր ուսումնասիրած հեղինակներուն աիրային ըմբռնումը, զգացական մութ խլիրտները անոնց հոգիին։ Միտքը կը դատապարտէ 1912-14ի գրական սերունդին սիրամոլ հակումները, բայց սիրտը կը մզէ զինք մանրաքննին վերլուծումի։ Իր մէջի քաղաքացին անվերադարձօրէն կը դատապարտէ, բայց պոէտը գաղտնի համազգացում մը կը մատնէ:
Լաւագոյն արտայայտութիւնը կրկնակ այս վերաբերումին՝ Աղբալեանի նամակն է Եղիշէ Չարենցին, հետագային հրատարակուած ի՛ր իսկ կողմէ «Ակօս»ի մեջ՝ «Եղիշէ Զարենցն ու ես» վերնագիրով:
«Երբ ձեռք առայ «Ռոմանս անսէբ»ը, որ անպատկառ բովանդակութիւն ունէր եւ ոգու անկում էր ցուցադրում՝ զայրոյթս պահել չկարողացայ: Իր իսկ անպատկառ ոճով մի նամակ գրեցի եւ իր նորօրինակ տաղաչափութեամր մի պոէզոկարծիք շարադրեցի» (*) որովհետեւ, կը պատճառաբանէ Աղբալեան, «անպատկառ լեզուն տեսայ ճանապարհ անպատկառացած սիրտդ յուզելու» (*):
Մեթոտը քիչ մը տարօրինակ է եւ «ճանապարհ»ը՝ զարտուղի: Անշուշտ կարելի չէ կասկածիլ Աղբալեանի անկեղծութեան մասին. զայրոյթը իրաւ է եւ արդար, բայց աւելի Չարենցի փճացող տաղանդը նկատի ունի քան ընթացիկ բարոյականը: Զգալի է չարաճճի այն հաճոյքը որով Աղբալեան կարդացած է «Ռոմանս անսէր»ը, որով պաաասխանած է նոյն «անպատկառ» ոճով։ Պոէտը չէ զսպուած, բայց թագնուած է քաղաքացիի զայրոյթին ետեւ։
Քաղաքացին որեւէ բաժին չունի, սակայն, Աղբալեանի փիլիսոփայական, մինչեւ իսկ միստիք հակումին մէջ: Աղբալեան հեռուէն, երիտասարդական տարիքէն կը բերէ այս հակումը. տակաւին 1904ին, «Բանբեր»ի մէջ տպուած «Երգ ու վէրքից յետոյ» ուսումնասիրութեան մէջ կը յայտնաբերէ ձայն։ Եւ արդէն եթէ այդքան լաւ կը վերլուծէ հեղինակի կապը տիեզերքի հետ, պատճառը ան չէ միայն, որ գիտէ իբր համակիր քննադատ մտնել հեղինակի հոգեկան աշխարհը, այլ նաեւ ա՛յն, որ միեւնոյն ապրումները ի՛նքն ունի։ Որոնող, ոգեպաշտ անհատականութիւն՝ Աղբալեան մինչեւ իր կեանքի վերջը կը պահէ այս հակումը, եւ զարմանալի չէ, որ նո՛յն միսաիքի փնտռտուքով ոգորող Ժագ Յակորեանը կ՞ըլլայ իր յայտնաբերած վերջին բանաստեղծը։
Այսպէս՝ կամքի թելադրանքին եւ զգացումներու մզումին անձնատուր՝ Աղ–
(*) «Այս գիրքը ոչ միայն անպէտք է, այլեւ վնասակար» եւ կամ «այս գրքոյկը պատկանում է «տգիտական գրականութեան» Հորիզոն, 1912, թիւ 219 եւ 221։
(**) «Ակօս», 1945, Ջ. գիրք: