Jump to content

Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/21

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

նշան գրուած «գեղեցիկ»ի եւ միւս երեք բառերուն միջեւ «պարզ» «ներդաշնակ», համադիր:

Ի

Պարզ, ներդաշնակ, համադիր, այսինքն՝ մէկ եւ ամբողջ առանց ներքին տարրերու հակադիր տարատեսակութեան։ Եթէ արուեստի գործը վերահնարում եւ ստեղծում է, ուրեմն կեանքէն եւ աշխարհէն առնուած ցրիւ տարրերու նոր եւ ինքնուրոյն մէկտեղումն է, ամբողջական տեսիլի մը մէջ։

Աղբալեան մեծ կարծիք ունի արուեստի սպասարկուներու մասին եւ հիացում՝ անոնց միջոցով՝ արուեստին հանդէպ: Խորունկ է արուեստի իր ըմբռնումը, որքան որ ալ գրախօսականներու մէջ ցրուած կարծիքներու փշրանքներով միայն հասած ըլլայ մեզի: Արուեստը ատուածային բանն է, իսկ արուեստագէտը՝ բանի մշակ, բանաստեղծ:

ի՞նչ է սակայն կեանքի եւ արուեստի առընչութիւնը: Կեանք լուսաբանող արուեստը ստորադա՞ս է իր լուսաբանութեան առարկայէն, թէ՞ անոր գերագոյն արդարացումն է, գոյութեան իմաստը:

Հին Է հարցը, յաւիտենական: Աղբալեան իր կարծիքը կու տայ զանազան առիթներով, իր գրադատ–վերլուծողի գործունէութեան ամբողջ երկայնքին: Միշտ նոյնը չէ իր գիրքը, որքան որ ալ հիմնական ուղղութիւնը իր մտածումին միեւնոյնը մնացած ըչլայ: Տեսակ մը բնական հոլովոյթ է տեղի ունեցածը, որ ծայրայեղ դիրրորոշում է մը ետք հասցուցած է Աղբալեանը հաւասարակշիռ, ու խաղաղած եզրակացութեան մը:

Այս հարցի ուսումնասիրութեան տեսակէտէ մեծ արժէք կը ներկայացնէ Աղբալեանի «Պատմութիւն Հայոց գրականութեան» ներածականը, ուր կեանքի վերջալոյսին հասած գրադատը մանրամասն տեսութեան մը մէջ կը համադրէ գրականութեան, գրական պատմութեան եւ գրականութեան պտմութեան մասին ունեցած իր ըմբռնումը:

Ամէն գրական երկ անխուսափելի երկու տարրերէ բաղկացած է. ձեւը եւ բովանդակութիւնը: Ձեւը արուեստին է հարկատու, մինչ բովանդակութիւնը՝ հանրային կեանքին: Աղբալեան կը փորձէ առարկայական հիմքեր փնտռել երկերու գրական արժէքը որոշող եւ երկար ու մանրակրկիտ վերլուծումներէ ետք կը յանգի եզրակացութեան մը, որ խորքին մէջ գործնական կեանքի եզրակացութիւն մըն է: «Կատարեալ են այն գործերը միայն ուր ձեւ ու բովանդակութիւն ներդաշնակ են, այսինքն յարմարած են իրար»[1]: Աղբալեան ուզած է գիտական հիմեր տալ ընթացիկ այս ճշմարտութեան, իջած է մինչեւ բառը եւ անոր երկու տարրերը՝ ձեւն ու իմաստը նկատի ունենալով՝ վճռած է այդ երկու տարրերը գիտական, արտացի հիմ ընդունիլ գրական արժէքի: Վերապահ ըլլալով հանդերձ այս մեթոտի եւ եզրակացութեան գիտական արժէքի մասին՝ չենք կրնար ուրանալ վերլուծումի նրբութիւնը եւ վերջնական հաստատումին ճշմարտութիւնը։

Ձեւը եւ բովանդակութիւնը ներդաշնակ պէտք է ըլլան կ՝ըսէ Աղբալեան

  1. «Պատմութիւն Հայոց Գրականութեան»