1944-ին։ Նոյնը կ'ըսէր նաեւ 30 կամ 50 տարի առաջ, բայց հաստատումի ներքին մանրամասնութիւները նոյնը չեն կէս դար առաջ եւ վերջ։ Եթէ 1944ին Աղբալեան համարժէք կը գտնէ ձեւն ու բովանդակութիւնը, արուեստն ու հանրային արժէքը, մինչեւ իսկ որոշ հակում կը ցուցնէ արուեստին գերակշիռ դեր մը տալու, նոյնը չ'ըներ եւ չ'ըսեր 1806ին կամ 1918ին։
Արուեստն արուեստի՞ համար, թէ՞ կեանքի համար։
Աղբալեանի զանազան շրջաններուն տուած պատասխանները կրնանք խմբել երեքի եւ այդ երեք հանգրուաններով նշել Աղբալեանի դատումին հոլովոյթը։
Հարցը սերտօրէն կը կապուի Աղբալեանի էութիւնը կազմող երկուութեան. պոէտի եւ քաղաքացիի։
Սկիզբը «նախ քաղաքացի ապա պոէտ» մթնոլորտի մը մէջ Աղբալեան գեղեցիկի, արուեստի պաշտպանն է, առանց սակայն, գոնէ արտաքնապէս է շեղելու ընդհանուր հանրային ուղեգիծէն: Միայն կեանքը նկատի ունեցող հասարակութեան մը մէջ կը պաշտպանէ արուեստի յարաբերկան արժէքը։ Ամէն դրական գործ հանրային արժէք պէտք է ներկայացնէ, բայց ասիկա չի՛ նշնակեր թէ կրնայ զուրկ ըլլալ արուեստի ամէն յատկանիշէ է։
Աղբալեանի գեղագիտական զգացումներն են, «պոէտ» հոգին, որ «քաղաքացի» միտքին կը պարտադրեն նաեւ գեղեցիկի նկատառումը։ Բայց կարծէք տեսակ մը մաքսանենգութեամբ, սողոսկումով: «Գեղարուեստական քննադատութիւնը քննադատութեան մի մասք է մի այն եւ ոչ ամբողջութիւնը: Իր գործը վերջացնելուց յետոյ, նա տեղ է տալիս երկի հասարակական, հոգեբանական եւ պատմականէ գնահատութեան, երկը դառնում է բարոյական տեսակէտի դատման առարկայ»[1]:
Անկեղծ է հաստատումը եւ թէեւ ստացական, բայց խոր համոզումի մը արդիունք։ Սակայն այս համոզումը արգելք չ'ըլլար, որ Աղբալեան սիրէ Իսահակեանի մը կամ Շանթի մը նոյնիսկ հանրային ամէն արժէքէ հեռու գրութիւնները միայն։ Պարտականութիւն կը զգալ հաստատելու, թէ «Երազ 0րեր»ը հասարակականն որեւէ. ձգտում չունին իսկ Իսահակեանի «անձուկ հոգեկան աշխարհ»ին վերաբերող երգերը «Համազգալն ու հասկնալը ոչ միայն դժուար, այլ եւ անկարելի Է դաոնում…»։
Ծայրայեղ այս դիրքը կը փոխուի հետագային բայց քննադատական գործունէութեան այս առաջին շրջանին Աղբալեան հետեւողական կերպով կը կրկնէ միեւնոյն կարծիքը՝ տարբեր ձեւերով. «Սալտիկովն ուսում էր թէ «չէ՞ որ տաղանդը դատարկ շիշ է, որ կարելի է գինով լցնել եւ՝ ինչով ասես» դա ճշմարիտ է եւ օրուայ լոյսի պէս պարզ: Գրողին անմահացնում է ոչ թէ նրա տաղանդը անկախ իր ընտրած նիւթերից, այլ նրա տաղանդով մշակուած բովանդակութիւնը…» [1] ։
Այս «ճշմարիտ եւ օրուան լոյսի պէս պարզ» Հաստատումը կը մղէ Աղբալեանը չեղելու նիւթէն «Երազ Օրեր»ու մասին գրած ժամանակ։ Հանրային կեանքը ցանկութիւններ կը յայտնէ եւ իտէալ անհատներու երեւումը կ'երազէ. մինչեւ իսկ բոլորովին անսպասելի հրաւէրով մը կը վերջացնէ իր յօդուածը, հասարակութեան ծառայելու կանչելով նոր սերունդի ներկայացուցիչները։ Կայ աւելին տակաւին, ոչ միայն հեղինակներուն եւ անոնց երկերուն կը մօտենայ հանրային