Jump to content

Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/24

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է
ԻԳ

է կազմեն, բայց գրադատը «Գործ ունի գրական արժէքի հետ եւ ոչ հանրային։ Ոչ ամէն երկ, որ հանրային մեծ արժէք ունի, նաեւ իբր գրականէ-պատմական վաստակ մեծարժէք է»[1]: Հեռու ենք «Երգ ու վէրք»ի հաստատումներէն։

Գեղագէտ հոգին ձերբազատուած է ժամանակաշրջանի աղդեցութենէն։ Առաջուան պէս «Արուեստական յօրինում» կը պահանջէ «Հանրարժէք բովանդակութեամբ», բայց այլեւս «Հանրարժէք» չի՝ նշանակեր «Հանրօգուտ» եւ համապատասխան է պարզապէս «Հանրային»ի: Չ՝ըսպասեր, որ պոէտը նախ քաղաքացի ըլլայ, բայց կ՝ուզէ, որ անոր գրածը խօսի քաղաքացիներուն։ Ասիկա պարզապէս գրականութեան ընկերային հանգամանքի շեշտումն է:

Այս շրջանին զուգադիպող Ժ. Յակորեանին նուիրուած կարճ մէկ ուսումնասիրութիւնը[2] հեռաւոր արձագանքն է կարծես «Երազ Օրեր»ու եւ «Երգեր ու Վէրքեր» ու նուիրուած յօգուածներուն. դարձեալ հանրայինի մասին կը խօսուի, բայց արդէն տարբեր շեշտով։ Աղբալեան կը հաստատէ, թէ Յակոբեան կտրուած է հասարակութեան լայն խաւերէն. բայց մեղադրական ոչ մէկ շեշտ կայ այդ հաստատումին մէջ, որովհետեւ Աղբալեան ի՛նքն ալ հանրայինէն անգին արուեստի եւ գիտութեան վայելքին է անձնատուր: «Իսկ ուր խօսում է բանաստեղծը՝ քերականը լռում է», ըսած էր ատենին: Կեանքի վերջին, նոյնքան արդարութեամբ եւ առաւել Հեղինակութիւնով կրնար ըսել՝ իսկ ուր խօսում է պոէտը՝ քաղաքացին լռում է։

Գ.

Քաղաքացին կը լռէ, իսկ քննադատը կը հիանայ՝ ներքին խուլ նախանձով մը՝ պոէտի կոչումին: Արուեստագէտը ստեղծագործ տաղանդ է, արարիչ. կեանքի նուաճող եւ ուրոյն աշխարհի ստեղծիչ։ Քննադատը զուրկ է ստեղծումի հաճոյքէն եւ քննադատութիւնը արարչական անկարողութեան մը, ամլութեան մը տխուր խոստովանութիւն է։ Ամէն քննադատ պիտի ուզէր ստեղծել, բայց կը համակերպի ուրիշի ստեղծածը մեկնաբանելու: Նուազ հաճոյքի մը, երկրորդական արժէքի հեշտանքի մը մխիթարութիւնը կը փնտրէ: Կողմնակի միջոցով մըն է միայն, որ կը մասնակցի արարչական կռչունքին: Գրագէտը կը ստեղծէ կեանքը ունենալով իբր հիմ, «Առ ի չգոյէն» գրեթէ, եւ անկախ կերտումով. քննադատը հիմ կ՝առնէ գրագետի ստեղծածը եւ իր մեկնութիւնն ու վերլուծումը իրենց գոյութեան իմաստըն ու աւիշը կը ստանան անկէ:

Բայց նոյնիսկ այս երկրորդական ստեղծագործութիւնը ունի իր հաճոյքը, կրկնա՛կ հաճոյքը. նախ դրական երկի վայելումին ատեն եւ ապա այդ վայելքը հանրութեան փոխանցելու ժամանակ: Միջնորդի այդ դերն է քննադատի փրկութեան լաստը. ա՛ն է, որ վայրկեան մը խաբկանքը կու տայ իրեն՝ ստեղծագործութեան վայելքին: Իր ընկալած տարրերու համադրումն ու ամբողջական հաղորդումը որքան ներդաշնակ ըլլայ, այնքան քննադատը կը մօտենայ արուեստագէտի խառնուածքին:

  1. Պատմութիւն Հայոց Գրականութեան
  2. «Մեղբալուսին»ի