համար եւ կամ ունենար յատկանշական մանրամասնութիւններ: Այսպէս է, որ ժողովածուի մէջ մտցուցինք երկրորդական գրողներու վերաբերող արդէն իսկ մոռցուած յօդուածներ, որոնք կրնան Աղբալեանի քննադատական մեթ֊ոտը բնորոշել կամ սահմանում մը , բացատրութիւն մը տալ գրական երեւոյթի մը:
Հատորի մէջ առինք նաեւ գրութիւններ, որոնք հաւանաբար կամ վստահօրէն իր գրիչէն ելած չեն : Ասոնք ամփոփումներն են իր կատարած դասախօսութիւններուն, երբեմն իր անունով, երբեմն թղթակցութեան ձեւով: Յաճախ Աղբալեան տեսած եւ սրբագրած է այս յօդուածները, յատկապէս «Ազդարար» շաբաթաթերթի մէջ տպուածները: Այս պատճառով, կրկնութեան պարագային նախընտրութիւնը միշտ տուած ենք «Ազդարար»ի յօդուածին:
Իւրաքանչիւր յօդուածի տակ դրած ենք աղբիւրը եւ տպագրութեան թուականը։ Անհրաժեշտ կը նկատենք, սակայն, հետեւեալ գրութիւններու մասին տալ յաւելեալ ծանօթութիւներ.
1)ԼԵԻՕՆ ՇԱՆԹ
Տպուած է «Նայիրի» ամսագիրի եւ «Ազդակ Շաբաթօրեակ»ի մէջ: Վստահ ենք, թէ «Նայիրի»ի յօդուածը Աղբալեանի գրիչէն չէ ելած , մինչ «Շաբաթօրեակ»ինը բո՛ւն բնագիրը ըլլալ կը թուի: Նախընտրեցինք այս վերջինը:
2) ՆՇԽԱՐ ՄԸ Ն. ԱՂԲԱԼԵԱՆԷՆ
Տպուած է «Ակօս»ի Աղբալեանին նուիրուած բացառիկին մէջ , միեւնոյն վերնագրով: Որպէս ցուցում դրուած է՝ 1897 , Յուլիւս-Օգոստոս,«Մուրճ»։ «Ակօս»ն ալ նոյն ձեւով արտատպած է «Հայրենիք» օրաթերթէն։
3) Յ. ԹՈԻՄԱՆԵԱՆԻ «ԱՂԱԻՆՈՒ ՎԱՆՔԸ»
Առած ենք նոյնպէս «Ակօս»էն, որ իր կարգին արտատպած է «Հայրենիք» ամսագիրէն: Որպէս ցուցում՝ թուական մը միայն.1947։
4) ՐԱՖՖԻՆ ՈՐՊԷՍ ԳՐԱԳԷՏ
Աղբալեանի գրիչէն չէ. առած ենք միտքերուն համար : Միեւնոյն նիւթը երկու տարբեր ձեւով տպուած է «Ցուսաբեր»ի մէջ, երկու