Jump to content

Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/484

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

անգամուն ալ՝ որպէս դասախօսութեան տեղեկատուութիւն: Նախընտրեցինք այս տարբերակը, ներկայացումի յստակութեան պատճառով:

5) «ՏՈՄԱՐ ՄԱՔԻԱԿԱՆ» ՀԱՄԱՍՏԵՂԻ

Հաւանօրէն դասախօսութեան մը սեւագրութիւնն է:

6)ՀԱՅԱԳԷՏ Ն. ՄԱՌ

Դասախօսութեան մը պատճէնն է, ինչպէս արդէն կ՚երեւի առաջին նախադասութենէն : Ստորտգրուած է «թղթակից»:

7) ՄԱՆՈԻԿ ԱԲԵՂԵԱՆ

Կրնայ նոյնպէս տեսնուած եւ սրբագրուած ըլլալ: Բանախօսութեան մը ամփոփումն է, ինչպէս արդէն կը յայտնուի յօդուածի մուտքէն: Խմբագրական ծանօթութեան մէջ ըսուած է. «կը ներկայացնենք Ն. Աղբալեանի բանախօսութիւնը»:

8) ՍԱՍՈԻՆՑԻ ԴԱԻԻԹ

Հեղինակը կրնայ տեսած եւ սրբագրած ըլլալ: Ամփոփումն է Պէյրութի Զարեհ-Նուպար ակումբին մէջ ըրած իր մէկ բանախօսութեան։ Խմբագրական ծանօթութիւնը կ՚ըսէ. «լայնօրէն կը ներկայացնենք»:

Ընտրուած յօդուածները դասաւորած ենք ժամանակագրական կարգով , սակայն միեւնոյն հեղինակին նուիրուած զանագան գրութիւնները խմբած ենք. այս պարագային, ընդհ. դասաւորումը հիմ` նկատած ենք ամենէն հինը:

Նկատի ունեցած ենք ոչ թէ գրութեան, այլ տպագրութեա՛ն թուականը:

Միշտ յարգած ենք բնագիրները , սրբագրութեան համար դիմելով բո՛ւն աղբիւրին կամ լուսատիպ օրինակին: Պահած ենք կէտադրութիւնը, բացի հազուագիւտ պարագաներէ , երբ հանդիպած ենք բոլորովին կոպիտ սխալներու, որոնք բացայայտօրէն տպագրական թերիներ են: Նոյնպէս ուղղած ենք բոլորովին բացայայտ գրութեան սխալներ, երբ վստահ եղած ենք թէ տպագրական վրիպակներ: