Jump to content

Էջ:Գրական քննադատական երկեր, Նիկոլ Աղբալյան.djvu/485

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

են անոնք: Հարկ եղած ատեն մեր միջամտութիւնը նշած ենք նօթերով։

Պահած ենք հեղինակի եւ թերթերու բոլոր նօթերը, իսկ մերիններուն միշտ կցած ենք հրատ. բառը: (Բացի էջ 240ի նօթէն, որ մուռցուած է)

Ստեղծած ենք ուղղագրական միօրինակութիւն:

Աղբալեանի բառերով՝ «ահաւասիկ մենք եւ մեր գիրքը. մենք յաւակնութիւն չունինք»: Գիտական անթերի հրատարակութիւն մը ընելու պատրանքը չենք սնուցաներ բնաւ, բայց ունինք գոնէ մխիթարանքը օգտակար գործ մը կատարելու՝ կորուստէ փրկելով մեծ քննադատի վաստակին կարեւոր մէկ մասը:

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈԻՄԲ